Լիբանանի Պասքեթպոլի Բաժակ. ՀՄԸՄ – Պէյրութ` 89-104
Երկուշաբթի իրիկուն, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց տարեշրջանը վերջ գտաւ Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումէն ետք: Արդարեւ, ՀՄԸՄ, որ կը մրցէր Պէյրութի դէմ, բաւական հետաքրքրական խաղէ ետք տեղի տուաւ աւելի լաւ լիբանանցիներ ունեցող Պէյրութի դիմաց` 104-89 արդիւնքով: Խմբապետ Ժերար Հատիտեան, Կապրիէլ Աճեմեան, Ժատ Խալիլ, Ճիմի Սալեմ, Թանիոս Աքիքի, Սէրուժ Աւետիսեան, Գէորգ Գէորգ եւ Տանիէլ Պաղտատեան իրենց դէմ ունէին Սերժիօ Տարուիշը, Ալի...




















