Լիվըրփուլի պատմական մարզիչներէն Եուրկըն Քլոփ, որ 2015-էն ի վեր այդ ակումբը կը մարզէր, կիրակի օր իր վերջին մրցումը ունեցաւ «Կարմիրներ»-ուն հետ, ապա համակիրներուն հետ խօսեցաւ բարձրախօսը ձեռքին. «Անակնկալի առջեւ եմ, կը կարծէի, որ շատ դժուար պիտի ըլլար, անկեղծ ըլլալու համար` այդպէս չէ: Շատ ուրախ եմ, չեմ հաւատար: Ուրախ եմ բոլորիդ համար, մթնոլորտին համար, մրցումին համար, այս ընտանիքին մաս կազմելուս համար, մեզի համար, եւ ինչպէս կը տօնենք այս օրը: Անհաւատալի է: Շատ շնորհակալ եմ: Իրականութիւնը կ՛ուզէ՞ք, չեմ գիտեր ի՛նչ պատճառով, չեմ զգար, որ վերջն է: Կարծես սկիզբ մըն է, քանի որ այսօր տեսայ ֆութպոլի խումբ մը, տաղանդներով լեցուն, երիտասարդներով հարուստ, ստեղծագործներով հարուստ, յաղթանակի ծարաւ ունեցող: Ասիկա զարգացումի մէկ մասն է, բայց ճիշդ այդ բանին կը կարօտիս: Վերջին շաբաթներուն շատ ուշադրութիւն գրաւեցի, բան մը, որ սակայն անհանգիստ դարձուց զիս, բայց միեւնոյն ժամանակ շատ բաներ նշմարեցի: Մարդիկ ըսին, թէ իրենց կասկածողներէն հաւատացող դարձուցած եմ, բայց ճիշդ չէ այս մէկը: Հաւատալը բան մըն է, որ դուն քեզի կ՛ընես: Ես միայն ըսի` պէտք է ընենք, դուք ըրիք: Մեծ տարբերութիւն կայ: Իսկ հիմա ո՞վ կ՛ըսէ` մի՛ հաւատաք այլեւս, քանի որ ակումբը հիմա շատ լաւ վիճակի մէջ է, թերեւս պատմութեան… պէտք է Քենիին (Տալկլիշ) հարցնենք: Թերեւս երկար ժամանակէ այսքան լաւ վիճակ չէ ունեցած: Ունինք այս սքանչելի դաշտը, մարզական համալիրը, ունինք ձեզի ֆութպոլի միջազգային ուժերէն մէկը… Մենք կ՛որոշենք, եթէ պէտք է մտահոգուին կամ ոչ: Մենք կ՛որոշենք, եթէ կը հաւատանք կամ ոչ: Այս օրէն սկսեալ ես ձեզմէ մէկը եղայ, եւ կը հաւատամ ձեզի: Կը մնամ հաւատացեալ հարիւր տոկոսով»: Քլոփ խօսած պահուն սկսաւ երգել իր յաջորդին` Առնը Սլոթի անունով: Նետերլանտներու մարզիչը պիտի փոխարինէ Քլոփը:
«Երբ յառաջիկայ տարեշրջանը սկսի, չէք սպասեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ, սկիզբէն ամէն ուժով կը մտնեք առաջին մրցումէն: Կ՛ընդունիք նոր մարզիչը ինչպէս ընդունեցիք ինծի: Եթէ դժուար օրեր ըլլան, կը մնաք հաւատարիմ, եւ կը հաւատաք խումբին` օգնելով եւ քաջալերելով: Միակ բանը որ չունիք հոս այս գեղեցիկ դաշտին մէջ վիտէոյի պարերն են, եւ պէտք է ցատկելով ըսեմ ձեզի «Թենք եու լաւ» եւ «Այ ուիլ նեվըր ուոք ալոն ըկէյն»: Շնորհակալ եմ բոլորիդ, դուք աշխարհի ամէնէն լաւ ժողովուրդն էք, ըսաւ Քլոփ` ուղղուելով մարզիկներուն, որոնք յուզուած մօտեցան մարզիչին եւ մէկ առ մէկ համբուրեցին զինք:
Քլոփ 2019-2020 տարեշրջանին կրցած էր Լիվըրփուլի 19-րդ ախոյեանութիւնը շահիլ, բան մը, որ 1989-1990 տարեշրջանէն ի վեր չէր շահած:
Ան Լիվըրփուլի հետ կատարեց 491 մրցում` շահելով 299 մրցում եւ պարտուելով միայն 83 մրցում:
Ան շահեցաւ նաեւ 2021-2022 տարեշրջանի Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակը, եւ նոյն տարուան լիկայի բաժակը, ինչպէս նաեւ այս տարուան լիկայի բաժակը:
2018-2019 տարեշրջանին` «Չեմփիընզ լիկ»-ը եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակը (2019):


