Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Դուրս Ձգեց Օքլահոման

May 20, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտ «Էն. Պի. Էյ.»-ի արեւմտեան շրջանի թիւ 1 դասուած Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 116-117 արդիւնքով պարտուեցաւ Տալաս Մեւրիքսէն 6-րդ մրցումին եւ դուրս մնաց փլէյ-օֆէն:

Օքլահոմա, որ կիսախաղին 16 կէտի առաւելութիւն ունէր Լուքա Տոնչիչի եւ ընկերներուն վրայ, չկրցաւ պահել իր առաւելութիւնը, մանաւանդ որ Տոնչիչ -Քայյի Ըրվինկ – Տերիք Ճոնզ եռեակը անկարելին ըրաւ եւ մինչեւ վերջին վայրկեանը պայքարեցաւ: Օքլահոմայի «Օլ Սթար» մարզիկ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 36 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Ճէյլըն Ուիլիամս` 22 կէտ եւ Չեթ Հոլմկրեն` 21 կէտ, սակայն Տալաս անզսպելի դարձած էր մանաւանդ 4-րդ մասին:

Լուքա Տոնչիչ թրիփըլ տապըլ կատարեց (29 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ), մինչ Քայրի եւ Ճոնզ 4-ական 3 կէտնոց կողովներ նշանակեցին շատ կարեւոր պահերուն:

Քայրի եւ Ճոնզ 22-ական կէտեր նշանակեցին, սակայն մրցումի ամէնէն կարեւոր պահն էր աւարտէն 2,5 երկվայրկեան մնացած, երբ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն 3 կէտնոց հատուած մը փորձեց, որուն ընթացքին ֆաուլի ենթարկուեցաւ: Արդիւնքը 115-116 էր ի նպաստ Օքլահոմայի: Առաջին 2 կէտերը նշանակելէ եւ 117-116 առաջ անցնելէ ետք, ան արագ մտածեց չնշանակելով կողովը: Որովհետեւ մրցակիցը թայմ աութ կրնար առնել եւ գնդակը հանգիստ ձեւով դաշտի կեդրոնէն սկսիլ: Մնացած երկվայրկեանները արագ անցան, եւ Օքլահոմա փորձեց հեռուէն նշանակել, սակայն Տալաս եղաւ յաղթականը եւ այժմ Արեւմտեան շրջանի աւարտականի հասած կը սպասէ Տենվըր-Մինեսոթա (3-3) մրցումին յաղթականին:

Օր մը առաջ, Ինտիանա Փէյսըրզ 116-103 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Նիւ Եորք Նիքսը` պարտադրել 7-րդ վճռական մրցում մը:

Թիւ 2 դասուած Նիւ Եորք Նիքս պիտի փորձէ իր դաշտին վրայ պարտութեան մատնել Ինտիանան, որ թիւ 6 դասուած է Արեւելեան շրջանին մէջ, ուր թիւ 1 դասուած Պոսթըն Սելթիքս կը սպասէ յաղթականին, Արեւելեան շրջանի աւարտական մրցումին:

Ճէյլըն Պրանսըն 31 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, սակայն Ինտիանա իր խմբային խաղով կրցաւ շահիլ մրցումը:

Սիաքամ (25 կէտ), Մայլզ Թըրնըր (17 կէտ), Թայրիս Հելիպըրթըն (15 կէտ), Թի. Ճէյ. Մաքոնըլ (15 կէտ) եւ Էնտրու Նեմալհարտ (15 կէտ) եղան Ինտիանայի աստղերը:

 

 

Նախորդը

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Շահեցաւ Իմոլայի Կրան Փրին

Յաջորդը

Եուրօ 2024. Գերմանիա, Ֆրանսա Եւ Նետերլանտներ Կը Յայտարարեն Իրենց Կազմերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.