Շաբաթավերջին Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռոմի թենիսի բաց մրցաշարքը, որ մաս կը կազմէ մասթըրզի կարեւոր 9 մրցաշարքերէն մէկուն (Մասթըրզ 1000), ուր շահող մարզիկը 1000 կէտ կը շահի:
Գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ կրցաւ իր ասպարէզի 6-րդ մասթըրզի տիտղոսը շահիլ, երբ աւարտականին 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց չիլիցի Նիքոլաս Խարրիի: Առաջին անգամ աւարտականի հասած Խարրի դուրս ձգած էր Սթեֆանոս Ցիցիփասը եւ Թոմի Փոլը (կիսաւարտականին), մինչ Զվերեւ իր մասթըրզ 1000-ի առաջին մրցաշարքը հոս շահած էր 2017-ին, երբ 20 տարեկան էր: Ան 2022-ին Ռոլան Կարոսի կիսաւարտականին ոտքը կոտրելէ ետք չէր շահած կարեւոր մրցաշարք:
27 տարեկան Զվերեւ պիտի բարձրանայ 4-րդ դիրք թենիսմեններու դասաւորման մէջ եւ հետզհետէ կը վերադառնայ իր լաւագոյն օրերուն` Ռոլան Կարոսի մրցաշարքի սեմին:
. «Վստահաբար իմ առաջին մասթըրզի տիտղոսը հոս եւ առաջին տիտղոսը վիրաւորուելէն ետք ալ Հռոմի մէջ, ուրեմն Հռոմ ինծի համար յատուկ տեղ մըն է: Շատ յատկանշական շաբաթ մըն է», ըսաւ Զվերեւ, որ իր սերվիսը բնաւ չկորսնցուց շահելով 95 տոկոսը իր առաջին սերվերուն:
Թիւ 21 դասուած Խարրի շատ պայքարող մարզիկ մըն էր, որ մինչեւ աւարտական կրցաւ ամէն ինչ յաջողցնել, բայց գերմանացի մրցակիցը դիմացաւ ճնշումին եւ շատ քիչ սխալներ գործեց: 17 տարիէ ոչ մէկ չիլիցի թենիսմեն հասած էր մասթըրզի մրցաշարքի աւարտականին:
Աղջկանց աւարտականին, թիւ 1 թենիսվումըն Իկա Շվիաթեք 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով կրցաւ յաղթել թիւ 2 պիելոռուս Արինա Սապալենքային` կրկնելով Մատրիտի մրցաշարքի յաղթանակը ամսուան սկիզբը:
21-րդ տիտղոսն էր այս Շվիաթեքի, թիւ 1 ըլլալէն ի վեր, եւ ան 12 մրցումներէ ի վեր հողով ծածկուած դաշտերու վրայ անյաղթ կը մնայ, Ռոլան Կարոսի թիւ 1 թեկնածուն դառնալով, ուր արդէն 3 անգամ շահած է տիտղոսը: