Սաութհեմփթըն Բարձրացաւ «Փրեմիեր Լիկ»` Լիծի Հաշուոյն
Կիրակի օր, Ուեմպլիի դաշտին վրայ, Սաութհեմփթըն կրցաւ պարտութեան մատնել Լիծ Եունայթըտը եւ բարձրանալ «Փրեմիր Լիկ», Փլէյ օֆի աւարտական մրցումին: 24-րդ վայրկեանին Ուիլ Սմոլպոն փոխանցեց Ատամ Արմսթրոնկի, որ ռմբային հարուածով մը նշանակեց Սաութհեմփթընի եւ մրցումի միակ կոլը: Լիծ եւ Սաութհեմփթըն 3-րդ անգամ ըլլալով կը մրցէին իրար դէմ եւ երեք մրցումներուն ալ Սաութհեմփթըն կրցած էր յաղթել, իսկ Արմսթրոնկ կրցած էր նշանակել: Սաութհեմփթըն...




















