Մարզական

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Թաատոտ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 41-50

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շապապ Ապատիէ

Lebanese-basketball-federation_logo23Վաղը, Քֆարշիմայի Ատապ Ուալ Ռիատա ակումբի դաշտին վրայ կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը: Ժամը 12:00-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր առաջին մրցումը պիտի ունենայ Շապապ Ապատիէ խումբին դէմ: Յոյսով, որ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը լաւ ձեւով կը սկսին ախոյեանութիւնը եւ կը հասնին Գ. դասակարգ եղանակի աւարտին: Այսօրուան մրցումները տեղի պիտի ունենան 3 տարբեր դաշտերու վրայ, ուր 18 խումբերն...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտականն Հանգրուան.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Շեքքա Առաջին Մրցումին

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Լիբանանեան Բանակ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 2-0

Երէկ յետմիջօրէին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Լիբանանեան բանակի դէմ մրցումին: Խումբը անփոփոխ կազմով դաշտ ներկայացած էր, եւ մրցումին սկիզբէն մրցակից խումբը բաւական կոշտ ֆութպոլ կը խաղար, բայց ՀՄԸՄ-ի տղաքն էին, որ կը ճնշէին բանակի բերդին վրայ, որուն պահեստի բերդապահը օրուան հերոսն էր: Առաջին կիսախաղի վերջին վայրկեաններուն, մրցակից խումբին օգտին սուլուեցաւ փենալթի մը,...

«Էն. Պի. Էյ.  Մինեսոթա Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց` Պարտադրելով 7-րդ Մրցում Մը

«Էն. Պի. Էյ. Մինեսոթա Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց` Պարտադրելով 7-րդ Մրցում Մը

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Մինեսոթայի մէջ տեղւոյն Թիմպըրվուլվզը 115-70 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթցը: Տենվըր, որ առաջին երկու մրցումներուն պարտուելէ ետք իր դաշտին վրայ կրցած էր յաջորդական երեք մրցումներ յաղթել, երէկ գրեթէ անշարժացած էր եւ չկրցաւ մրցիլ Մինեսոթայի մարզիկներուն հետ, որոնք ամէն ինչով լաւ էին եւ շատ լաւ պաշտպանողական մրցում մը կիրարկեցին: Անթոնի Էտուըրտծ 27 կէտ նշանակեց`...

Լիծ Կրնայ Վերադառնալ «Փրեմիեր Լիկ»

Լիծ Կրնայ Վերադառնալ «Փրեմիեր Լիկ»

Յաղթանակ մը եւս եւ Անգլիոյ 1970-ականներու լաւագոյն խումբերէն Լիծ Եունայթըտ կը վերադառնայ «Փրեմիեր լիկ»: Արդարեւ, հինգշաբթի գիշեր 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Նորիչ Սիթին, այս վերջինիս դաշտին վրայ, կը մնայ փլէյ օֆի աւարտական մրցումը, 26 մայիսին, Ուեմպլիի մէջ: Լիծ, որ կը պատկանի Սան Ֆրանսիսքոյի 49-ըրզ խմբակին անցեալ տարեշրջանի աւարտին նախավերջին դիրքը գրաւելով ինկած էր Բ. դասակարգ: Լիծ այս տարեշրջանին...

Թենիս. Զվերեւ Դուրս Ձգեց Թապիլոն. Սապալենքա – Շվիաթեք Աւարտական

Թենիս. Զվերեւ Դուրս Ձգեց Թապիլոն. Սապալենքա – Շվիաթեք Աւարտական

Երէկ շարունակուեցաւ Հռոմի թենիսի բաց մրցաշարքը, եւ Ալեխանտրօ Թապիոլոյի երազային ելոյթները վերջ գտան: Կիսաւարտականին առաջին սեթը 6-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւին, կը կարծուէր, թէ չիլիցի թենիսմէնը (աշխարհի թիւ 32) անգամ մը եւս պիտի յաղթէ եւ հասնի աւարտականին, բայց Զվերեւ 1 ժամը 14 վայրկեան պայքարեցաւ, որ շահի 2-րդ սեթը թայպրէյքով` 7-4: 3-րդ սեթին այլեւս մէկ կողմէ Թապիլօ յուսահատ կը...

Ֆորմիւլա 1.  Վաղը` Իմոլայի Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Վաղը` Իմոլայի Կրան Փրին

Վաղը ժամը 16:00-ին, Իմոլայի շրջավազքին վրայ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան 7-րդ կրան փրին` Էմիլիա Ռոմանիա կրան փրին, որ Ֆեռարիի «տունը» կը նկատուի: Վերջին կրան փրին (Մայեմիի մէջ) շահելէ ետք, Լանտօ Նորիս Մաքլարենի հետ սկսաւ կասկածներ արթնցնել Ռետ Պուլի գերակայութեան գծով: Կը կարծուէր, թէ միայն Ֆեռարի կրնայ նեղի մատնել կամ վտանգել Ռետ Պուլի դիրքը, սակայն մրցումէ մրցում կարծէք Մաքլարենն ալ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Թաատոտ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 41-50

Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Սանթրալ

Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով (Անթուան Շուէյրի բաժակ) վաղը ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի մրցին Քլիւպ Սանթրալի դէմ, Անդրանիկի դաշտին վրայ, ժամը 17:00-ին: Քառորդ աւարտականի այս մրցումին պիտի մասնակցին միայն լիբանանցի մարզիկները (մրցաշարքի օրէնք), եւ ՀՄԸՄ-ի տղոց կը մնայ իրենց լաւագոյնը տալ յաղթելու այս մրցումին` հասնելու համար կիսաւարտական, ուր կը սպասէ Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը: Յաղթանակի պարագային ՀՄԸՄ պիտի մրցի Պէյրութի դէմ, նոյն...

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Լիբանանեան Բանակ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Լիբանանեան Բանակ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Գ. դասակարգ բարձրանալու աւարտական հանգրուանի 2-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով պիտի մրցի Պէյրութի ախոյեան Լիբանանեան բանակի խումբին դէմ: Անցեալ մրցումին համար շատեր պատճառաբանեցին, թէ մրցումին վայրը հեռու էր, եւ շատ քիչ համակիրներ ներկայ գտնուեցան: Այժմ մրցումը օդակայանի ճամբուն վրայ է եւ բաւական մօտ: Յոյսով, որ մեծ թիւով համակիրներ ներկայ կ՛ըլլան` քաջալերելու...

Պասքեթպոլ.  Սաժես Վերջին Երկվայրկեաններուն  Կրցաւ Յաղթել

Պասքեթպոլ. Սաժես Վերջին Երկվայրկեաններուն Կրցաւ Յաղթել

Չորեքշաբթի գիշեր, Ղազիրի «Անթուան Շուէյրի» դաշտին վրայ, Սաժես Լիբանանի ախոյեանութեան աւարտականի ճակատումներու 2-րդ մրցումին կրցաւ վերջին երկվայրկեաններուն 3 կէտ նշանակել եւ 1 կէտի առաւելութեամբ յաղթել ախոյեան Ռիատիի ու հաւասարեցնել ճակատումները 1-1: Օր մը առաջ 46 կէտի տարբերութեամբ ծանր պարտութիւն կրած Սաժես քիչ մը աւելի բարելաւած էր իր խաղաձեւը, եւ կարեւորագոյնը` Ճոնաթըն Կիպսըն իր փայլքը վերագտած էր, բան մը, որ պատճառ...

Պասքեթպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Սանթրալ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Գրաւեց Ախոյեանութեան 3-րդ Դիրքը

Երէկ յետմիջօրէին Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը յայտարարեց, թէ պիտի չմասնակցի 3-րդ դիրքի մրցումին` ՀՄԸՄ-ի դէմ, սեփական պատճառներով: Համակիրները, որոնք անհամբեր կը սպասէին վերջին անգամ դիտելու ՀՄԸՄ-ի տղաքը օտարներուն հետ միասին, յուսախաբ մնացին, երբ ՀՄԸՄ 20-0 արդիւնքով յաղթական հռչակուեցաւ առանց դաշտ ներկայանալու: Եթէ պատահի, որ Ռիատի եւ Սաժես լաւ արդիւնք արձանագրեն Ուասլի մրցաշարքի Ֆայնըլ 8-ին, եւ օրինակ Ռիատի շահի մրցաշարքը, հաւանական է,...

Եուվենթուս Շահեցաւ Իտալիոյ Բաժակը

Եուվենթուս Շահեցաւ Իտալիոյ Բաժակը

Իտալիոյ հսկաներէն Եուվենթուս, որ 2020-2021 տարեշրջանէն ի վեր որեւէ տիտղոս չէր շահած, չորեքշաբթի գիշեր շահեցաւ Իտալիոյ բաժակը 15-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ)` պարտութեան մատնելէ ետք Աթալանթան 1-0 արդիւնքով: Տուշան Վլահովիչի կոլը բաւարար եղաւ մրցումը վճռելու: 2020-2021 տարեշրջանին ալ բաժակի աւարտական մրցումի մրցակիցը եղած էր Աթալանթան: Եուվէի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի դարձաւ առաջին մարզիչը, որ 5-րդ անգամ ըլլալով կը շահի Իտալիոյ բաժակը` բարելաւելով...

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Հասաւ Աւարտական. Տալաս Յաղթեց 5-րդ Մրցումին

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Հասաւ Աւարտական. Տալաս Յաղթեց 5-րդ Մրցումին

Պոսթըն Սելթիքս սպասուածին նման կրցաւ 5-րդ մրցումին, Պոսթընի Թի. Տի. Կարտընին վրայ ուրախացնել Մեսեչուսեթցի ժողովուրդը` յաղթանակ մը արձանագրելով Քլիվլենտ Քեւելիրզի դէմ` 113-98 արդիւնքով: Ճէյսըն Թէյթըմ 25 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պոսթընի, որ յաջորդական 3-րդ տարին ըլլալով հասաւ Արեւելեան շրջանի աւարտականին: «Լաւ առիթ մը ունէինք հոս աւարտելու այս ճակատումները, եւ բաւական ճիգ թափեցինք հասնելու յաղթանակին», ըսաւ Ալ...

Թենիս. Թոմի Փոլ Դուրս Ձգեց Հուրքաչը. Շվիաթեք Հասաւ Աւարտականին

Թենիս. Թոմի Փոլ Դուրս Ձգեց Հուրքաչը. Շվիաթեք Հասաւ Աւարտականին

Երէկ Իտալիոյ մէջ շարունակուեցաւ հողով ծածկուած դաշտերու գծով Հռոմի բաց թենիսի մրցաշարքը: Թիւ 3 դասուած Ալեքսանտր Զվերեւ 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով դուրս ձգեց ամերիկացի Թէյլըր Ֆրիցը (թիւ 11) եւ հասաւ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի մրցաշարքի անակնկալ Ալեխանտրօ Թապիլոյի դէմ: Նշենք, որ Թապիլօ դուրս ձգած էր թիւ 1 Նովաք Ճոքովիչը եւ Կարէն Խաչանովը: Միւս կողմէ, Թոմի Փոլ (Միացեալ Նահանգներ) 2 ժամ...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Պէյրութ Ֆըրսթ

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պէյրութ Ֆըրսթ

Այսօր, ժամը 19:00-ին Անթիլիասի «Տեմիրճեան» կեդրոնի պասքեթպոլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը վճռելու մրցումին պիտի մրցի Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ: Այս տարեշրջանին խումբերը իրար դէմ մրցած էին երկու անգամ, ուր ՀՄԸՄ երթին Մըզհերի մէջ 80 հաւասար աւարտելէ ետք մրցումը, երկարաձգումին պարտութիւն մը կրած էր Պէյրութէն, սակայն դարձի մրցումին, Շիահի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ նոյնիսկ առանց կախակայուած Զեք Լոֆթընի կրցած էր Բ....

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Լիբանանեան Բանակ

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Լիբանանեան Բանակ

Վաղը յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պիտի մրցին Լիբանանեան բանակին դէմ: Այս մրցումը աւարտական հանգրուանի 2-րդ շաբթուան մրցումներուն ծիրին մէջ է, եւ համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ ըլլալ մրցումին` քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի տղաքը: Անցեալ շաբաթ Շեքքայի դէմ մրցումին համակիրները թիւով շատ աւելի էին: Յոյսով, որ մեր համակիրները կը քաջալերուին ներկայ գտնուելու եւ քաջալերելու ֆութպոլի խումբ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Մանչեսթըր Սիթի Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը Նախավերջին Հանգրուանին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Սիթի Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը Նախավերջին Հանգրուանին

Նորվեկեացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ 2 կոլ նշանակեց եւ Մանչեսթըր Սիթի պարտութեան մատնեց Թոթենհամը երեքշաբթի գիշեր, այս վերջինիս դաշտին վրայ, գրաւելով պարագլուխի դիրքը, 2 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Արսենալի վրայ: Վերջին 3 տարիներու ախոյեան Սիթի «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցանիշ կրնայ իրագործել, եթէ կիրակի օր յաղթէ իր վերջին մրցումին` Ուեսթ Համի դէմ, մինչ Արսենալ իր վերջին մրցումին պիտի հիւրընկալէ Էվըրթընը: «Թենիսմենները կ՛ըսեն` վերջին...

Թենիս. Ալեխանտրօ Թապիլօ Հասաւ Կիսաւարտական

Թենիս. Ալեխանտրօ Թապիլօ Հասաւ Կիսաւարտական

Հռոմի մէջ կը շարունակուի անակնկալներով հարուստ տղոց եւ աղջկանց թենիսի բաց մրցաշարքը: Չիլիցի Ալեխանտրօ Թապիլօ, որ աշխարհի թիւ 32 թենիսմենն է, երէկ հասաւ կիսաւարտական հանգրուան, դուրս ձգելէ ետք Ժիժեն Ժանկը (թիւ 56, Չինաստան), 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով: Թապիլօ դուրս ձգած էր թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչը (Սերպիա)` 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով, ապա յաջորդ մրցումին ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանովը` 7-6 եւ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Նիքս Եւ Տենվըր Յաղթեցին 5-րդ Մրցումը

«Էն. Պի. Էյ.» Նիքս Եւ Տենվըր Յաղթեցին 5-րդ Մրցումը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Նիւ Եորք Նիքս իր դաշտին վրայ հանգիստ ձեւով կրցաւ պարտութեան մատնել Ինտիանա Փէյսըրզը` 121-91 արդիւնքով: Առաջին երկու մրցումներուն 4 եւ 9 կէտերու առաւելութեամբ յաղթելէ ետք Նիւ Եորքի մէջ, Նիքս այս անգամ շատ հանգիստ մրցում մը ունեցաւ Մետիսըն Սքուեր Կարտընի մէջ: Ճէյլըն Պրանսըն 2 ձախող մրցումներէ ետք 44 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիքսի, որ...

levam_51424

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Հեծալարշաւի Մրցումներուն Արդիւնքները

Շաբաթավերջին տեղի ունեցան ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած հեծելարշաւի մրցումները Մարինա Տըպպայէի մէջ, ուր արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. 2020-2011 - Աղջիկ 1.- Լօրէն Աքողլեան Ճեմարան 2.- Նարոտ Գազարեան Մեսրոպեան 3.- Քայա Մեթրեպեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան 2008-2009 - Աղջիկ 1.- Վանայ Աւետիսեան Ազգային միացեալ վարժարան 2.- Վիգի Կիրակոսեան Ճեմարան 3.- Գարէն Յովակիմեան Հայ աւետ. ԿԲՎ 2006-2007 - Աղջիկ 1.- Քլէա Արապաղեան Ճեմարան 2.- Թիլա...

Page 209 of 1281 1 … 208 209 210 … 1,281

Արխիւներ