Այսօր, ժամը 10:00-ին, Տապլինի մէջ (Իրլանտա) տեղի կ՛ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտական մրցումը` Իտալիոյ Աթալանթայի եւ Գերմանիոյ Պայեր Լեւերքուզընի միջեւ:
Աթալանթա իր առաջին եւրոպական բաժակի աւարտականին հասած է, դուրս ձգելէ ետք Ֆրանսայի Մարսէյը (4-1 երկու մրցումներու արդիւնքով), մինչ Պայեր Լեւերքուզըն, որ այս տարեշրջանին Եւրոպայի միակ խումբն է, որ տակաւին չէ պարտուած, «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեանն է եւ կիսաւարտականին դուրս ձգած էր Իտալիոյ Ա. Էս. Ռոման (4-2 երկու մրցումներու արդիւնքով):
50 հազար համակիրներ ներկայ պիտի գտնուին Տապլին Արենայի մէջ, ուր Իրլանտայի ազգային խումբը իր ելոյթները կը կատարէ:
2010-ին կառուցուած այս գեղեցիկ դաշտը, «Եուրոփա լիկ»-ի աւարտականի մրցումը պիտի հիւրընկալէ 2-րդ անգամ ըլլալով, երբ նախապէս 2011-ին «զուտ փորթուգալեան, աւարտական մը հիւրընկալած էր Փորթոյի եւ Պրակայի միջեւ, ուր Ռատամել Ֆալքաօ նշանակած էր Փորթոյի եւ մրցումին միակ կոլը:
«Եուրոփա լիկ»-ն ալ «Չեմփիընզ լիկ»-ի նման, հաւասարութեան պարագային խումբերը կը մեկնին երկարաձգումի (145 վայրկեան 2 կիսախաղ), եւ եթէ մնան հաւասար, կը դիմուի վճռական փենալթիներու:
Ռումանացի իրաւարար Իսթվան Քովաքս պիտի ղեկավարէ մրցումը: Ան իր ասպարէզի 2-րդ աւարտական մրցումը պիտի ղեկավարէ, երբ նախապէս 2022-ին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆըրընս լիկ»-ի աւարտականը «սուլած էր» Ա. Էս. Ռոմայի եւ Ֆէյենուրտի միջեւ, Թիրանայի մէջ (Ալպանիա):
Ախոյեան խումբը պիտի ստանայ «Եուրոփա լիկ»-ի բաժակը, որ կը նկատուի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ամէնէն ծանր բաժակը, որ կը կշռէ 15 քկ:
Տիտղոսակիր խումբը կը մասնակցի նաեւ յառաջիկայ տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի խմբակներու հանգրուանին, անշուշտ եթէ իր ախոյեանութեան գծով իրաւասութիւն չունի մասնակցելու:
Անցեալ տարի Սեւիա շահած էր այս մրցաշարքը, վերջին 10 տարիներուն 5-րդ անգամ ըլլալով:


