Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի ախոյեանութեան 37-րդ հանգրուանի մրցումէն ետք, Ինթեր Միլան, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լացիօ Ռոմայի հետ, ստացաւ ախոյեանութեան բաժակը եւ մետալները:
Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան իր ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններու ախոյեանի տիտղոսը շահեցաւ:
Հենրիխ Մխիթարեան Փիւնիկի հետ 4 անգամ դարձած է Հայաստանի ախոյեան (2006-2007-2008-2009) Շախթիոր Տոնեցքի հետ 3 անգամ Ուքրանիոյ ախոյեան (2011-2012-2013) եւ Ինթերի հետ` «Սերի Ա.»-ի ախոյեան (2024):