Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Ռիատի 18-րդ Անգամ Ըլլալով Լիբանանի Ախոյեան

May 22, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի ճակատումները վերջ գտան երկուշաբթի գիշեր, երբ Ռիատի Մանարայի «Սաէպ Սալամ» դաշտին վրայ 113-97 արդիւնքով յաղթեց Սաժեսին, 5-րդ ճակատումին, եւ 4-1 արդիւնքով աւարտեց մրցումները` շահելով իր 18-րդ ախոյեանութեան տիտղոսը:

Սաժես շատ լաւ սկսաւ մրցումը, եւ պահ մը կը կարծուէր, թէ անակնկալ պիտի գործէ` յաղթելով Ռիատիի դաշտին մէջ:

Առաջին մասին Սաժես մինչեւ 9 կէտի հասցուց իր առաւելութիւնը, սակայն Ռիատի միշտ կը մօտենար: Այս մասին Սաժես 33 կէտ նշանակեց (իր առաւելագոյնը` այս աւարտականի ճակատումներուն), մինչ Ռիատի 28 կէտ նշանակեց:

2-րդ մասին խումբերը աւելի զգուշ խաղցան, եւ Ռիատի 19-18 արդիւնքով մտաւ կիսախաղի դադարին` ետ մնալով 51-47:

3-րդ մասին Ռիատի շատ վճռական իջաւ եւ գերազանցեց Սաժեսին, որուն յոյսերը գրեթէ «շոգիացան», մինչ համակիրները աւելի եւս կը ճնշէին մթնոլորտին վրայ:

4-րդ մասին արդիւնքն էր 30-19, եւ Ռիատի 16 կէտի առաւելութեամբ կրցաւ յաղթել: Ճոնաթըն Սիմընզ 28 կէտ նշանակեց, մինչ Ուաէլ Արաքժի եւ Թոն Մէյքըր 24-ական կէտ նշանակեցին: Քարիմ Զէյնուն 16 կէտ նշանակեց, սակայն իր 4 յաջող 3 կէտնոց կողովները կրնայ ըլլալ վճռական էին, անոնք Ռիատին հեռացուցին Սաժեսէն:

Սաժեսի լաւագոյն մարզիկն էր Քարիմ Իզետտին, որ մրցումի սկիզբէն շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ: Ան 25 կէտ նշանակեց` ձեռք ձգելով 9 ռիպաունտ եւ 4 էսիսթ:

Ռիատիի եգիպտացի/լիբանանցի Իսմայէլ Ահմետ իր ասպարէզի 15-րդ տիտղոսը շահեցաւ (մրցանիշ), մինչ Ճոնաթըն Սիմընզ աւարտականի ամէնէն լաւ օտար մարզիկը (Էմ. Վի. Փի.) հանդիսացաւ: Ուաէլ Արաքժի շահեցաւ ամէնէն լաւ լիբանանցի մարզիկի մրցանակը: Նիք Ռաքոսեւիչ (Սաժես) ամէնէն լաւ ռիպաունտ ձեռք ձգող մարզիկը ընտրուեցաւ, ամէնէն լաւ պլոք ընող մարզիկը` Թոն Մէյքըր, ամէնէն լաւ պաշտպանող մարզիկը` Քարիմ Զէյնուն, ամէնէն լաւ էսիսթ կատարող մարզիկը` Ուաէլ Արաքժի, ամէնէն լաւ կէտ նշանակողը` Ճոնաթըն Սիմընզ, իսկ լաւագոյն մարզիչը` Ահմետ Ֆարրան (Ռիատի):

Նախորդը

Թենիս. Ճոքովիչ, Նատալ Եւ Սինըր` Ռոլան Կարոսէն Առաջ

Յաջորդը

Լիբանանի Բ. Դասակարգի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սփորթինկ Պքաննայա

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.