Երկուշաբթի իրիկուն, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց տարեշրջանը վերջ գտաւ Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումէն ետք:
Արդարեւ, ՀՄԸՄ, որ կը մրցէր Պէյրութի դէմ, բաւական հետաքրքրական խաղէ ետք տեղի տուաւ աւելի լաւ լիբանանցիներ ունեցող Պէյրութի դիմաց` 104-89 արդիւնքով: Խմբապետ Ժերար Հատիտեան, Կապրիէլ Աճեմեան, Ժատ Խալիլ, Ճիմի Սալեմ, Թանիոս Աքիքի, Սէրուժ Աւետիսեան, Գէորգ Գէորգ եւ Տանիէլ Պաղտատեան իրենց դէմ ունէին Սերժիօ Տարուիշը, Ալի Մըզհերը, Ալի Հայտարը, Նայիմ Ռապայը, Միկել Մարթինեզը, Ժան-Մարք Ժարուժը, Քարամ Մըշրեֆը եւ Ալի Մահմուտը:
Կիսախաղին ՀՄԸՄ 45-58 արդիւնքով ետ կը մնար, եւ մեր տղաքը իրենց կարելին ըրին 2 տարի առաջ Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դէմ, որ աւելի փորձառու էր բաղդատմամբ մեր երիտասարդ խումբին:
Կապրիէլ Աճեմեան (25 կէտ), Ժերար Հատիտեան (23 կէտ), Ճիմի Սալեմ (14 կէտ), Գէորգ Գէորգ (10 կէտ), Սէրուժ Աւետիսեան (8 կէտ), Ժատ Խալիլ (7 կէտ) եւ Թանիոս Աքիքի (2 կէտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կէտերը, մինչ Պէյրութի լաւագոյն մարզիկներն էին Ալի Հայտար (27 կէտ) եւ Ալի Մըզհեր (23 կէտ):
Քաջալերելի էին Գէորգի եւ Սէրուժի ելոյթները. անոնք` տակաւին 18-19 տարեկան, յառաջիկայ տարեշրջաններուն կը խոստանան ըլլալ ախոյեանութեան աստղերէն: Ժատ Խալիլ իր վերջին մրցումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի շապիկով եւ միացաւ Սաժեսին:
Համակիրները բաւական լաւ էին եւ քաջալերեցին խումբը` յոյսով, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ալ պայքարող խումբ ունենանք եւ համակիրներու թիւն ալ բազմանայ:
Վարձքը կատար բոլոր պատասխանատուներուն, վարչական խումբին, մարզիչներու խմբակին եւ մարզիկներուն, որոնք համակիրները ուրախ պահեցին աւելի քան 5 ամիս: Համակիրները կարօտը ունէին խմբային մարզական յաջողութիւններուն: Յոյսով, որ ֆութպոլի խումբերն ալ կը բարձրանան իրենց վարին դասակարգերէն, իսկ գաղութն ալ կը վերականգնի մարզական ոգիով: