Հայաստանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբի կարտ Ինկա Մանուչարեան իր խումբին` «Թուրան»-ի հետ շահեցաւ Ղազախստանի ախոյեանութիւնը:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Ինկա մասնակցեցաւ «Թուրան»-ի աւարտականի վերջին ճակատումներուն:
«Թուրան» 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աքթոպէ ակումբը, եւ վերջին մրցումին, Մանուչարեան 23 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ կատարեց:
Պուլկարիա ծնած Մանուչարեան (2000-ի ծնունդ) մաս կազմեց նաեւ ախոյեանութեան լաւագոյն հնգեակին: