Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Դժուարութեամբ Յաղթեց Սանթրալին, Այսօր Կը Մրցի Պէյրութի Դէմ

Մայիս 20, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի մրցումներու ծիրին մէջ, շաբաթ օր, «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ շատ հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ պէտք ունեցաւ երկարաձգման` պարտութեան մատնելու Քլիպ Սանթրալը 114-107 արդիւնքով:

Ճիշդ է, որ մրցակիցը Բ. դասակարգի խումբ է, սակայն նկատի ունենալով, որ անոնք ամբողջ եղանակ մը իրարու հետ խաղցած են, մինչ ՀՄԸՄ, ըստ մրցաշարքի օրէնքին, առանց օտարներու կը խաղար եւ առաջին անգամ ըլլալով կը խաղար զուտ լիբանանեան խումբով, քիչ մը դժուար եղաւ մանաւանդ մրցումին սկիզբը:

Սանթրալ, որ մեծ մասամբ երիտասարդ խումբ է, շատ արագ պասքեթպոլ կը խաղար իրեն հետ ունենալով համակիրներ մեծ մասամբ դպրոցական աշակերտներ եւ ընտանիքներ, մինչ ՀՄԸՄ-ի համակիրները անտարբեր կը թուէին ըլլալ, եւ հազիւ տասնեակ մը համակիրներ ներկայ էին:

Առաջին մասին, Սանթրալ 22-32 արդիւնքով յառաջացաւ, մինչ ՀՄԸՄ աւելի զգուշ կը խաղար եւ կը փորձէր մրցումին ընթացքը դանդաղեցնել, միեւնոյն ժամանակ շահելով ֆաուլեր, որոնք մրցումի 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն օգնեցին, երբ մրցակից մարզիկներ արդէն 3-4 ֆաուլեր կատարելով դուրս նստեցան: 3-րդ մասին 73-64 արդիւնքով յառաջացած ՀՄԸՄ 4-րդ մասին որոշ առաւելութիւն մը պահեց մրցակիցին վրայ, որ հիմնական կազմով վերստին տիրապետեց մրցումին վրայ եւ աւարտէն մօտ 3 վայրկեան առաջ 86-87 արդիւնքով յառաջ անցաւ: Առաւելութիւնը հասաւ մինչեւ 90-96-ի մրցումի վերջին վայրկեանին, երբ յաջորդական ֆաուլեր շահելով Ժատ Խալիլ 94-96-ի հասցուց հաշիւը 36 երկվայրկեան մնացած: 16 երկվայրկեան կար, երբ Գէորգ Գէորգ սթիլ մը ըրաւ, բայց գնդակը դուրս եկաւ դաշտէն: 4 երկվայրկեան կար, երբ Ժատ Խալիլ կատարեց ֆաուլ մը, որմէ 1 կէտով օգտուեցաւ մրցակիցը: Արդիւնք` 94-97: Արագ ձեւով խաղալէ ետք, գնդակը հասաւ Ճիմի Սալեմին, որ դաշտին կեդրոնը հազիւ անցած, մօտ 12 մեթր հեռաւորութենէն գնդակը նետեց նշանակելով 97-րդ կէտը եւ հաւասարեցնելով արդիւնքը, երբ 0.07 երկվայրկեան կար: Մրցակից խումբը թայմ աութ ուզեց, բայց ժամանակը շատ կարճ էր, եւ Սանթրալի մարզիկները չկրցան օգտուիլ վերջին առիթէն:

Երկարաձգման, Ճիմի իր 5-րդ ֆաուլը կատարեց եւ դուրս եկաւ դաշտէն: Կապրիէլ Աճէմեան կրցաւ 8 կէտ նշանակել, մինչ Գէորգ Գէորգի 3 կէտերը ՀՄԸՄ-ի առաւելութիւնը հաստատեց, երբ արդիւնքը դարձաւ 106-102` մրցումի աւարտէն մօտ 1:30 վայրկեան առաջ:

Մրցակից խումբէն Էլի Ղալեպ 35 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ եղաւ մրցումին թիւ 1 աստղը:

ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Ժատ Խալիլ (26 կէտ), Կապրիէլ Աճէմեան (22 կէտ), Ժերար Հատիտեան (21 կէտ), Ճիմի Սալեմ (21 կէտ), Թանիոս Աքիքի (13 կէտ), Տանիէլ Պաղտատեան (6 կէտ), Գէորգ Գէորգ (3 կէտ) եւ Սէրուժ Աւետիսեան (2 կէտ):

Այսօր, կիսաւարտականին, «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ ժամը 18:30-ին ՀՄԸՄ պիտի մրցի Պէյրութ Ֆըրսթ խումբին դէմ: Յուսանք, որ համակիրները դաշտը կ՛ողողեն եւ իրենց քաջալերանքով կրնան 6-րդ մարզիկի դերը առնել` հասնելու աւարտականին, ուր յաղթականը պիտի մրցի Անթունիէի դէմ:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Այսօր Կրնայ Դառնալ Ախոյեան

Յաջորդը

Յորդանանեան Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին. «Իրանի Ղեկավարութեամբ Յորդանան Զէնք Մաքսանենգելու Սադրանք Մը Ձախողութեան Մատնուեցաւ»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Բռնցքամարտ.   Կարէն Չուխաջեան Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Կարէն Չուխաջեան Յաղթական

Հոկտեմբեր 14, 2025
Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան
Մարզական

Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?