Վաղը ժամը 21:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի աղջկանց ախոյեանութեան գծով իր առաջին մրցումին պիտի մրցի Սփորթինկ Պքաննայա խումբին դէմ:
Ա. խմբակին մաս կազմող Պուրճ Համուտի աղջիկները իրենց խմբակին մէջ ունին նաեւ Թրիփոլիի Մութթահետը եւ Աուֆիաա Ռիատին:
Երկուշաբթի, 27 մայիսին, Ժընահ շրջանի Ռիատիի ակադեմիայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Աուֆիաա Ռիատիի դէմ, ժամը 20:30-ին, ապա երթի 3-րդ մրցումին, կիրակի, 2 յունիսին Մութթահետի դէմ, Մըզհերի մէջ, ժամը 20:00-ին:
Դարձի մրցումին, Սփորթինկ Պքաննայա իր կարգին կ՛օգտագործէ Մըզհերի դաշտը, հետեւաբար ՀՄԸՄ-ի համար երթուդարձը մեր դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ: Ուրեմն Սփորթինկի դէմ դարձի մրցումը տեղի կ՛ունենայ չորեքշաբթի, 5 յունիսին, ժամը 20:15-ին:
4 օր ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը հիւրընկալէ Աուֆիաա Ռիատին, կիրակի, 9 յունիսին, ժամը 21:00-ին, ապա վերջին մրցումին կ՛ուղղուի Թրիփոլի, չորեքշաբթի, 12 յունիսին, մրցելու Մութթահետի դէմ, ժամը 19:30-ին:


