Մարզական

Հրաչեայ Սարգսեան Միացաւ ԲԿՄԱ Երեւանի

Հրաչեայ Սարգսեան Միացաւ ԲԿՄԱ Երեւանի

Փիւնիկի ֆութպոլիստ Հրաչեայ Սարգսեան իր զինուորական ծառայութեան ժամանակաշրջանին պիտի միանայ ԲԿՄԱ Երեւան ակումբին: Բանակի կեդրոնական մարզական ակումբը (ԲԿՄԱ) Վաղարշապատի դաշտին վրայ կը կատարէ իր մրցումները, եւ գրաւելէ ետք ախոյեանութեան վերջին դիրքը, Բ. դասակարգ փոխադրուած էր: 18 տարեկան Սարգսեան Փիւնիկի հետ պաշտպանողական գիծի մարզիկ մըն էր, որ իր ակումբին հետ ախոյեան դարձած էր Հայաստանի: Ան այս տարի առաջին անգամ ըլլալով հրաւէր...

Թենիս.  Ճոքովիչ Պիտի Մասնակցի  Ողիմպիականին

Թենիս. Ճոքովիչ Պիտի Մասնակցի Ողիմպիականին

Թենիսի տղոց պատմութեան լաւագոյն թենիսմեններէն Նովաք Ճոքովիչ պիտի մասնակցի այս տարուան Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն, յայտնեց Սերպիոյ Ողիմպիական կոմիտէն: 24 անգամ կրան շլեմի տիտղոսակիր Ճոքովիչ իր 5-րդ Ողիմպիականին պիտի մասնակցի: Ան 2008-ին մասնակցած էր առաջին անգամ ըլլալով (Փեքինի մէջ), ուր պրոնզ մետալ շահած էր: 37 տարեկան սերպ թենիսմենը ծունկի գործողութեան ենթարկուեցաւ անցեալ ամիս` Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը կիսատ ձգելով, եւ կասկածներ կային...

Եուրօ 2024.  Այսօր Իտալիա – Սպանիա

Եուրօ 2024. Այսօր Իտալիա – Սպանիա

Այսօր գիշեր ժամը 22:00-ին, Բ. խմբակին մէջ իրենց առաջին մրցումները յաղթած Իտալիա եւ Սպանիա պիտի մրցին իրար դէմ` յաջորդ հանգրուանը առաջին դիրքի վրայ անցնելու գնով: Իտալիա, որ Ալպանիոյ դէմ 2-1 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը տարած էր` ստանալով Եուրոյի պատմութեան ամէնէն արագ կոլը, պիտի փորձէ իր կարելին` զօրաւոր Սպանիոյ դէմ, որ 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Խրուաթիոյ դէմ:...

Նիքոլա Վլասիչ Դուրս Մնաց Եուրօ 2024-էն

Նիքոլա Վլասիչ Դուրս Մնաց Եուրօ 2024-էն

Խրուաթիոյ միջնապահ Նիքոլա Վլասիչ, որ մկանի վնասուածք ունէր, ստիպուեցաւ քաշուիլ Եուրօ 2024-էն: Թորինոյի միջնապահ Վլասիչ, որ վիրաւորուած էր Իտալիոյ ախոյեանութեան ընթացքին, դաշտ ներկայացած էր Փորթուգալի դէմ բարեկամական մրցումին, բայց Սպանիոյ դէմ (3-0) պարտուած մրցումին մնացած էր պահեստի աթոռներուն վրայ: Քանի մը օր առաջ, սերպ միջնապահ Ֆիլիփ Քոսթիչ իր կարգին դուրս մնացած էր ծանր վէրք մը ստանալէ ետք, Անգլիոյ դէմ կատարուած...

Կիրասիով Հետաքրքրուած Է Տորթմունտ

Կիրասիով Հետաքրքրուած Է Տորթմունտ

Պորուսիա Տորթմունտ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական հասած էր, լրջօրէն հետաքրքրուած է Շթութկարթի յառաջապահ Սերհու Կիրասիով: Տորթմունտի ներկայացուցիչներ արդէն իսկ ներկայացած են մարզիկին եւ պայմանագիր առաջարկած: Տորթմունտ պատրաստ է 17,5 միլիոն եւրօ տրամադրելու փոխանցման համար, սակայն ամէն ինչ կախեալ է նոյնինքն Կիրասիէն: Սերհու Կիրասի, որ Կինէի ազգային խումբին անդամ է, 2022-էն ի վեր կը խաղայ Շթութկարթի հետ եւ 50 մրցումներու ընթացքին...

Փոթըր Պիտի Մարզէ՞ Տորթմունտը

Փոթըր Պիտի Մարզէ՞ Տորթմունտը

Չելսիի եւ Պրայթընի նախկին գլխաւոր մարզիչ Կրահամ Փոթըր կրնայ միանալ Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտին: Ըստ զանազան աղբիւրներու, անցեալ մարտէն ի վեր Տորթմունտ հետաքրքրուած էր 49 տարեկան անգլիացի մարզիչով: Տորթմունտ հետաքրքրուած էր Առնէ Սլոթով, որ վերջերս միացաւ Լիվըրփուլին, եւ Ֆրանք Հէյզենով, որ Լանսը լքելով միացաւ Նիսին: Տորթմունտի մարզիչ Էտին Թերզիչի հեռանալէն ետք, Տորթմունտ աւելի լուրջ սկսաւ հետաքրքրուիլ Փոթըրով, որ սակայն կրնայ ընտրել...

Պայերն Միւնիխ Հետաքրքրուած Է  Քազեմիրոյով

Պայերն Միւնիխ Հետաքրքրուած Է Քազեմիրոյով

Շշուկներ կան, թէ Մանչեսթըր Եունայթըտի պաշտպանող միջնապահ Քազեմիրօ կրնայ փոխանցուիլ Պայերն Միւնիխ: 32 տարեկան պրազիլցի Քազեմիրօ Ռէալ Մատրիտի հետ փայլուն օրեր ունէր մինչեւ 2022, երբ կատարելէ ետք մօտ 250 մրցումներ, միացած էր Եունայթըտին, ուր 53 մրցումներ կատարած էր` նշանակելով 5 կոլ: Քազեմիրօ կ՛ուզէ լքել Եունայթըտը, եւ Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը, որ 2 տարիէ ի վեր կը փորձէ ձեռք ձգել պաշտպանող միջնապահ...

Նեսթա Պիտի Մարզէ Մոնցան

Նեսթա Պիտի Մարզէ Մոնցան

Իտալական Մոնցա ակումբը յայտարարեց, որ խումբին նոր մարզիչ նշանակած է Իտալիոյ ազգային խումբի նախկին պաշտպաններէն Ալեսանտրօ Նեսթան: 48 տարեկան իտալացին 1 տարուան պայմանագիր կնքեց Մոնցայի հետ, որ կը պատկանի Պերլուսքոնի ընտանիքին: Խումբի տնօրէն Ատրիանօ Կալիանի, որ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի կողքին մինչեւ 2017 Ա. Սէ. Միլան ակումբին հետ էր, Նեսթայի հետ պայմանագիր կնքեց` մէկ տարուան երկարաձգման կարելիութեամբ: Մոնցայի նախկին մարզիչն էր Ռաֆայէլ...

ՀՄԸՄ Ֆութպոլի Զտում.  Փորձ-Զտումի Մրցումներ

ՀՄԸՄ Ֆութպոլի Զտում. Փորձ-Զտումի Մրցումներ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենան կրտսեր խումբերու համար բաց զտումի փորձեր, որոնց կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել 14-էն 18 տարեկան պատանիներ, յառաջիկայ տարիներուն տարիքային ներկայացուցչական խումբերու մէջ ներգրաւուելու համար: Զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Մանրամասնութեան համար հեռաձայնել 71-488901 եւ 71-786872 թիւերուն:  

Պասքեթպոլ.  Ռիատի` Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ախոյեան

Պասքեթպոլ. Ռիատի` Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ախոյեան

Լիբանանի Ուասլի (Ուեսթ Ասիա Սուփըր լիկ) ախոյեան Ռիատի շաբաթավերջին Տուպայի մէջ կրցաւ շահիլ Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք Շապապ Ահլին` 122-96 արդիւնքով: Ռիատի շատ յաջող ելոյթ մը ունեցաւ այս մրցաշարքին յաղթելով իր 5 մրցումներուն: Աւարտականին Ռիատի 18 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ մրցաշարքի «Էմ. Վի. Փի.»-ն ընտրուեցաւ Ուաէլ Արաքժի, որ 31 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց...

Եուրօ 2024.  Այսօր` Գերմանիա – Հունգարիա Եւ Սկովտիա – Զուիցերիա

Եուրօ 2024. Այսօր` Գերմանիա – Հունգարիա Եւ Սկովտիա – Զուիցերիա

Ուրբաթ օր սկսաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած եուրօ 2024-ը Գերմանիոյ մէջ: Եւրոպայի 17-րդ ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ կոլերով բաւական հարուստ եւ համակիրներու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Բացման մրցումին, Գերմանիա շատ լաւ ձեւով սկսաւ Սկովտիոյ դէմ մրցումը եւ 5-1 արդիւնքով լայն յաղթանակ մը տարաւ բրիտանական կղզիի ներկայացուցիչին վրայ: Ֆլորիան Վիրց, Ժամալ Մուսիալա, Քայ Հավերց (փենալթիով), Նիքլաս Ֆիւլքրուկ եւ Էմրէ Ճան նշանակեցին Գերմանիոյ...

Պրիքս-Քազան 2024.  Հայրենի Մարզիկ Սուրէն Յարութիւնեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ

Պրիքս-Քազան 2024. Հայրենի Մարզիկ Սուրէն Յարութիւնեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ

ՊՐԻՔՍ մարզական խաղերու մրցաշարքը շարունակուեցաւ, եւ քարաթէի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Սուրէն Յարութիւնեան շահեցաւ ոսկի մետալ` 67 քկ կշիռի մրցումներուն: Սուրէն Յարութիւնեան յաղթելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մարզիկ Ահմետ Ֆահըտ Ահմետ Ապպաս Ահմետին, շահեցաւ ոսկի մետալ: Ան նախապէս դուրս ձգած էր ուզպեք մարզիկ Եախոնկիր Զիյաթուն եւ Խըրխըզիստանի մարզիկ Քալիս Նուրլապեք Ուլուն: Նշենք, որ Նարեկ Գասպարեան (60 քկ), Հայկ Քարեան (75...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պոսթըն Սելթիքս Ախոյեան` 18-րդ Անգամ Ըլլալով

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Սելթիքս Ախոյեան` 18-րդ Անգամ Ըլլալով

Երէկ առաւօտեան ժամերուն (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Մեսեչուսեթց նահանգի Պոսթըն քաղաքի «Թի. Տի. Կարտըն» դաշտի 19 հազար 156 աթոռները լեցուած էին համակիրներով, որոնք ականատես եղան Պոսթըն Սելթիքսի «Էն. Պի. Էյ.»-ի 18-րդ տիտղոսին: Արդարեւ, տարեշրջանի աւարտականի 5-րդ մրցումին, Սելթիքս կրցաւ մրցումի սկիզբէն մինչեւ աւարտ տիրապետել Տալաս Մեւրիքսի վրայ եւ 18 կէտի առաւելութեամբ յաղթել 5-րդ մրցումին` ճակատումները աւարտելով 4-1 արդիւնքով: Առաջին երեք ճակատումները յաղթելէ...

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռիատի Հասաւ Աւարտական

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռիատի Հասաւ Աւարտական

Երէկ, Տուպայի մէջ շարունակուեցան Ասիոյ պասքեթպոլի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումները, տեղի ունեցան կիսաւարտականի մրցումները: Առաջին մրցումին իրար դէմ մրցեցան Իրանի Շահրիարի Կորկան խումբը, որ Ուասլի 3-րդ դիրքը գրաւած էր, եւ հիւրընկալ խումբ Շապապ Ահլին: Կորկան կիսախաղին 2 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ Ահլիի վրայ (40-38), սակայն Տուպայի ակումբը կրցաւ վերջին մասի վերջին վայրկեանին յաղթել: Արդարեւ, Կորկան, որ 7 կէտի առաւելութիւն ունէր, մրցումի աւարտէն...

Եուրօ 2024-էն Լուրեր.  Ո՞ր Աստղերը Պիտի Բացակային

Եուրօ 2024-էն Լուրեր. Ո՞ր Աստղերը Պիտի Բացակային

Երէկ գիշեր սկսաւ Եուրօ 2024-ը Գերմանիոյ մէջ: Այս Եուրոն պիտի ըլլայ շատ յատկանշական մրցաշարք մը, որուն ընթացքին ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն աստղերէն քանի մը հատը պիտի կատարեն իրենց վերջին պաշտօնական մրցումները, մինչ այլ աստղեր դուրս մնացին զանազան պատճառներով: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ 39 տարեկան եղաւ անցեալ փետրուարին, շատ հաւանական է, որ կատարէ իր 6-րդ եւ վերջին Եուրոն, ինչ որ արդէն իսկ մրցանիշ...

Պրիքս-Քազան 2024.  Հայրենի Սամպիստներ Պրոնզէ Մետալ Շահեցան

Պրիքս-Քազան 2024. Հայրենի Սամպիստներ Պրոնզէ Մետալ Շահեցան

Հայաստանի սամպոյի հաւաքականի անդամ, 98 քկ կշիռի Արսէն Խանճեան պրոնզէ մետալ շահեցաւ Ռուսիոյ Քազան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՊՐԻՔՍ-ի մարզական խաղերուն: ՊՐԻՔՍ, ուր միջազգային միութիւն մըն է, կազմուած` Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի կողմէ եւ կը գործէ դեկտեմբեր 2010-էն ի վեր, ողիմպիականի նման մարզական մրցաշարք մը կազմակերպած է: Եգիպտոս, Իրան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա եւ Եթովպիա վերջերս...

Մարք Գէորգեան Կը Միանայ Հանովըրին

Մարք Գէորգեան Կը Միանայ Հանովըրին

Գերմանական Հանովըր ակումբը պայմանագրութիւն կնքած է հայազգի ֆութպոլիստ Մարք Գէորգեանի հետ: Գերմանիոյ 17 տարեկանէն վար ազգային խումբին հետ 5 մրցումներ կատարած (2021-ին) Մարք Գէորգեան, մաս կը կազմէր Ռետ Պուլ Զալցպուրկի: Մարք Գէորգեան (19 տարեկան) կրնայ խաղալ թէ՛ աջ, թէ՛ ձախ ծայրի յետսապահ, ինչպէս նաեւ աջ ծայրի միջնապահ դիրքի վրայ ալ: Հանովըր Գերմանիոյ Բ. դասակարգի 6-րդ դիրքը գրաւած էր 2023-2024 տարեշրջանին:...

Եուրօ 2024.  Այսօր Կը Սկսի Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Եուրօ 2024. Այսօր Կը Սկսի Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Այսօր ժամը 9:00-էն սկսեալ պիտի ունենայ Եւրոպայի ախոյեանութեան 17-րդ մրցաշարքի բացման հանդիսութիւնը: Բացումին ելոյթ պիտի ունենան զանազան արուեստագէտներ, ապա «Եու.Է.Էֆ.Ա.» յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ անցեալ յունուարին մահացած ֆութպոլի եւ Գերմանիոյ պատմութեան լաւագոյն անձնաւորութիւններէն Ֆրանց Պեքընպաուըրի յիշատակին: Գերմանիոյ հետ Եւրոպայի ախոյեան դարձած երկու խմբապետներ Պերնարտ Տիթց (1980) եւ Եուրկըն Քլիսման (1996), ինչպէս նաեւ Պեքընպաուըրի (1972-ին խմբապետ) տիկինը` Հայտի, դաշտ պիտի ներկայացնեն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պոսթըն 1 Յաղթանակի Պէտք Ունի 18-րդ Ախոյեանութիւնը Շահելու

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն 1 Յաղթանակի Պէտք Ունի 18-րդ Ախոյեանութիւնը Շահելու

Պոսթըն Սելթիքս Թեքսասի մէջ կատարեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտականի ճակատումներու 3-րդ մրցումը եւ կրցաւ յաղթել Տալաս Մեւրիքսին: Տալաս, որ շատ վճռական մրցում կը կատարէր, մրցումի վերջին 4 վայրկեանները խաղցաւ առանց Լուքա Տոնչիչի, որ 1 վայրկեանի ընթացքին կատարեց 2 յաջորդական ֆաուլեր... իր 5-րդը եւ 6-րդը, եւ լքեց մրցումը: Քայրի Ըրվինկ փորձեց իր կարելին ընել, սակայն չկրցաւ Պոսթընի դէմ առանձին դիմանալ... Ըրվինկ...

Ճատրակ.  Էմին Օհանեան Եւ Մարիամ Մկրտիչեան` Երիտասարդներու Աշխարհի Փոխախոյեան

Ճատրակ. Էմին Օհանեան Եւ Մարիամ Մկրտիչեան` Երիտասարդներու Աշխարհի Փոխախոյեան

17 տարեկան Էմին Օհանեան դարձաւ երիտասարդներու աշխարհի փոխախոյեան: 11-րդ եւ վերջին մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչը յաղթեց Ֆիլիփեան կղզիներէն Տանիէլ Քուիզոնին եւ 8,5 կէտերով աւարտեց մրցաշարքը` շահելով արծաթ մետալը: 8,5 կէտ շահեցաւ նաեւ ախոյեան Նոկերբէկ Կազիբէկը (Ղազախստան): Ան իր վերջին մրցումին յաղթեց Մամիկոն Ղարիպեանին, որ 8 կէտերով գրաւեց 4-րդ դիրքը: Հայաստանի ներկայացուցիչ Մարիամ Մկրտիչեան 19 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներու փոխախոյեանը դարձաւ: Ան...

Page 202 of 1281 1 … 201 202 203 … 1,281

Արխիւներ