Ուրբաթ օր սկսաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած եուրօ 2024-ը Գերմանիոյ մէջ:
Եւրոպայի 17-րդ ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ կոլերով բաւական հարուստ եւ համակիրներու ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Բացման մրցումին, Գերմանիա շատ լաւ ձեւով սկսաւ Սկովտիոյ դէմ մրցումը եւ 5-1 արդիւնքով լայն յաղթանակ մը տարաւ բրիտանական կղզիի ներկայացուցիչին վրայ: Ֆլորիան Վիրց, Ժամալ Մուսիալա, Քայ Հավերց (փենալթիով), Նիքլաս Ֆիւլքրուկ եւ Էմրէ Ճան նշանակեցին Գերմանիոյ կոլերը, մինչ Անթոնիօ Ռուտեկըր (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեց Սկովտիոյ միակ կոլը: Վերջինս չկրցաւ Գերմանիոյ բերդին վրայ հարուած մը նոյնիսկ ուղղել:
Խմբակի յաջորդ մրցումին, Զուիցերիա բաւական լաւ մրցումէ մը ետք կրցաւ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնել Հունգարիան: Առաջին կիսախաղին տիրապետելէ ետք, Զուիցերիա կրցաւ 2 կոլ նշանակել, սակայն Բ. կիսախաղի սկիզբը Հունգարիա աւելի լաւ էր, բայց Զուիցերիա դիմացաւ: 66-րդ վայրկեանին Վարկաս նշանակեց Հունգարիոյ յոյս ներշնչող կոլը, բայց Էմպոլօ 93-րդ վայրկեանին նշանակեց Զուիցերիոյ 3-րդ կոլը` հաստատելով յաղթանակը:
Այսօր, ժամը 19:00-ին, Գերմանիա պիտի մրցի Հունգարիոյ դէմ ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումի մը: Իրար միջեւ վերջին մրցումին, 23 սեպտեմբեր 2022-ին, Միւնիխի մէջ Գերմանիա 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Հունգարիայէն: Այսօր Հունգարիա ամէն գնով պիտի փորձէ կէտ չկորսնցնել, մանաւանդ որ 2-րդ մրցումն է, եւ առաջին մրցումին կէտ չշահելով կրնայ յոյսերը կորսնցնել հասնելու յաջորդ հանգրուան: Գերմանիա կրնայ դժուարութեան առջեւ գտնուիլ, մանաւանդ որ մարզիչ Եուլիան Նակըլզման կը կարծէ, թէ շատ հաճելի չէ Հունգարիոյ դէմ խաղալը, մանաւանդ որ Հունգարիոյ նման խումբերու վրայ տիրապետելը կամ զանոնք ղեկավարելը դժուար կրնայ ըլլալ:
Հունգարիա Եուրոյի նախկին ելոյթներուն շատ լաւ ելոյթներ չէ ունեցած` վերջին 7 մրցումներուն պարտուելով 3 եւ հաւասարելով 4 անգամ:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Շթութկարթի դաշտին վրայ, եւ օրուան իրաւարարը պիտի ըլլայ Տենի Մաքելլի (Նետերլանտներ):
Աւելի ուշ, ժամը 22:00-ին, Քէօլնի դաշտին վրայ, Սկովտիա պիտի մրցի Զուիցերիոյ դէմ, Ա. խմբակի 2-րդ մրցումներուն գծով: 2006-ին Զուիցերիա 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Սկովտիոյ: Խումբերը իրար դէմ շատ ճակատումներ չեն կատարած, բայց բաղդատութիւն մը կատարելով իրենց այժմու մակարդակին հետ կրնանք ըսել, որ Զուիցերիոյ ազգային խումբը կրնայ այսօր իսկ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը շահիլ, եթէ անշուշտ յաղթէ:
Բ. խմբակի մրցումներուն, Սպանիա 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Խրուաթիոյ վրայ, մինչ Իտալիա 2-1 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրած էր Ալպանիոյ դէմ մրցումին:
Սպանիա ընդհանուր առմամբ երիտասարդ խումբ մըն է, որ շատ արագ ֆութպոլ կը ցուցաբերէ. անիկա հանգիստ մրցում ունեցաւ Խրուաթիոյ դէմ, որ բաւական «դանդաղ» ֆութպոլ կը ցուցաբերէ, ուր խումբի աստղերը «ծերացած» են, մինչ երիտասարդ տարրերը նախկիններուն տաղանդը չունին:
Ալվարօ Մորաթա, Ֆապիան Ռուիս եւ Տանի Քարվախալ նշանակեցին Սպանիոյ անպատասխան կոլերը:
Նոյն խմբակին մէջ, Ալպանիա 23 երկվայրկեանի ընթացքին կրցաւ նշանակել Եուրոյի պատմութեան ամէնէն արագ կոլը, շնորհիւ Նետիմ Պայրամիի:
11-րդ եւ 16-րդ վայրկեաններուն, Ինթեր Միլանի մարզիկներ Ալեսանտրօ Պասթոնի եւ Նիքոլօ Պարելլա նշանակեցին Իտալիոյ 2 արագ կոլերը, (11-րդ եւ 16-րդ վայրկեաններուն), սակայն մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ, մինչ մրցումին մակարդակը միջակէն բաւական վար էր:
Բ. կիսախաղին, հակառակ փոփոխութիւններուն, երկու խումբերն ալ չկրցան լուրջ վտանգներ պատճառել:
Վաղը, Իտալիա պիտի մրցի Սպանիոյ դէմ ժամը 22:00-ին, մինչ Խրուաթիա այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին պիտի մրցի Ալպանիոյ դէմ:
Գ. խմբակի առաջին մրցումներուն, Դանիա բաւական լաւ մրցումէ մը ետք Սլովենիոյ դէմ կրցաւ կանուխ կոլ մը նշանակել Քրիսթիան Էրիքսընի շնորհիւ, բայց շատ առիթներ կորսնցուց, մանաւանդ երբ Սլովենիոյ բերդապահ Եան Օպլաքն ալ իր լաւ օրերուն մէջ կը գտնուէր:
77-րդ վայրկեանին Սլովենիա կրցաւ հաւասարիլ հեռուէն հարուածով մը, որ մրցակից յետսապահի մը դպնալէ ետք ուղղութիւնը փոխեց` նշանակելով 1-1-ի կոլը:
Այս կոլէն ետք, Սլովենիա կրնար աւարտել մրցումը, սակայն արդիւնքը մնաց անփոփոխ: Դանիա այս ձեւով կորսնցուց 2 ոսկի կէտեր:
Նոյն խմբակին մէջ, Անգլիա 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Սերպիոյ դէմ: Անգլիա 13-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումի միակ կոլը, շնորհիւ Ճուտ Պելինկհամի գլխու հարուածին, Պուքայօ Սաքայի օվըրէն ետք:
Ոչ շատ հաճելի մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ, երբ մրցումի աւարտին Սերպիա 1 անգամ վտանգած էր Անգլիոյ բերդը, մինչ Անգլիա 2 անգամ Սերպիոյ բերդը (ներառեալ կոլի յարձակումը…):
Դ. խմբակի մրցումներուն, Նետերլանտներու խումբը 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լեհաստանը: Պուքաս նշանակած էր Լեհաստանի անակնկալ կոլը 16-րդ վայրկեանին: Քոտի Կաքփօ 22-րդ վայրկեանին նշանակեց Նետերլանտներու 1-1ի կոլը, մինչ Վաութ Վեկհորսթ 83-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել Նետերլանտներու յաղթանակի կոլը, մանաւանդ 2-րդ կիսախաղի բարձր ճնշումէն ետք:
Ֆրանաս, որ մրցաշարքի ախոյեանի թեկնածուներէն կը նկատուի, 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Աւստրիոյ դէմ մրցումին:
Աւստրիա շատ կազմակերպուած ֆութպոլ կը խաղար, մինչ Ֆրանսա, որ շատ լաւ մարզիկներ ունի, զարմանալիօրէն հակայարձակումներու կը վստահի, երբ մեծ թիւով կոլեր կրնայ նշանակել որակաւոր եւ տաղանդաւոր մարզիկներով հարուստ այս խումբով: Ըստ երեւոյթին, մարզիչ Տիտիէ Տեշան զգուշ ֆութպոլ կը նախընտրէ: Քիլիան Էմպափէ, որ Ռէալ Մատրիտի հետ պայմանագիր ստորագրեց վերջերս, իր քիթը կոտրեց մրցումի պահուն` զարնուելէ ետք մրցակիցի մը, եւ հաւանական է, որ բացակայի Ֆրանսայի յաջորդ 2 մրցումներէն:


