Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռիատի Հասաւ Աւարտական

June 15, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, Տուպայի մէջ շարունակուեցան Ասիոյ պասքեթպոլի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումները, տեղի ունեցան կիսաւարտականի մրցումները:

Առաջին մրցումին իրար դէմ մրցեցան Իրանի Շահրիարի Կորկան խումբը, որ Ուասլի 3-րդ դիրքը գրաւած էր, եւ հիւրընկալ խումբ Շապապ Ահլին:

Կորկան կիսախաղին 2 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ Ահլիի վրայ (40-38), սակայն Տուպայի ակումբը կրցաւ վերջին մասի վերջին վայրկեանին յաղթել:

Արդարեւ, Կորկան, որ 7 կէտի առաւելութիւն ունէր, մրցումի աւարտէն 4 վայրկեան մնացած (66-59) մրցումին ղեկը կորսնցուց, եւ վերջին վայրկեանին փայլեցան մանաւանդ Թրեյվըն Թիպոտօ եւ Սըր-Տոմինիք Փոյնթըր, որ վերջին 0,02 երկվայրկեանին շատ կարեւոր պլոք մը ըրաւ` մրցումը աւարտելով 71-73 արդիւնքով:

Երկրորդ կիսաւարտականին, Լիբանանի եւ Ուասլի ախոյեան Ռիատի, Ճափոնի ախոյեան Հիրոշիմա Տրեկոնֆլայզի դէմ առանց դժուարութեան յաղթանակ մը տօնեց` սուրալով դէպի աւարտական:

Առաջին մասին 10 կէտի առաւելութիւն ունենալէ ետք, Ռիատի 15 կէտով եւս հեռացաւ մինչեւ կիսախաղ: 3-րդ մասին 27-26 եւ 4-րդ մասին 25-19 արդիւնքով յաղթական Ռիատի 121-89 արդիւնքով հասաւ աւարտական, ուր պիտի մրցի Շապապ Ահլիի դէմ:

Նոյն խմբակին մաս կազմած Ռիատի եւ Շապապ Ահլի քանի մը օր առաջ (երեքշաբթի օր) մրցեցան իրար դէմ, եւ Ռիատի 7 կէտով ետ մնալէ ետք առաջին մասին, կրցաւ 14 կէտի առաւելութեամբ յաղթական դուրս գալ 102-88 արդիւնքով:

Երէկուան մրցումին, Ամիր Սէուտ 21 կէտ նշանակեց` 5 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով: Հայկ Կէօքճեան 20 կէտ նշանակեց եւ ձեռք ձգեց 8 ռիպաունտ: Ուաէլ Արաքժի 17 կէտ նշանակեց` աւելցնելով 14 էսիսթ: Լաւ վիճակի մէջ էին նաեւ Թոն Մէյքըր (17 կէտ), Էլմետտին Քիքանովիչ (17 կէտ) եւ Զեք Լոֆթըն (15 կէտ եւ 6 էսիսթ):

Այսօր, աւարտականին պէտք է զգուշ ըլլալ մրցակից Ահլիի օտարներէն եւ կեդրոնանալ անոնց վրայ, որպէսզի ֆաուլեր կատարելով դուրս ելլեն, ինչպէս էր պարագան երեքշաբթի օրուան մրցումին:

Այսօրուան աւարտականին յաղթական խումբը պիտի մասնակցի պասքեթպոլի ակումբներու մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Սինկափորի մէջ, 12-էն 15 սեպտեմբերին: Այս մրցաշարքին կը մասնակցին Արժանթինի Քուիզմա ակումբը, որ ամերիկաներու ախոյեանն է, Եւրոպայի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Ունիսախա Մալական, Ափրիկէի ախոյեան Փեթրօ տը Լուանտա (Անկոլա), ինչպէս նաեւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի Ճի Լիկի ներկայացուցիչ Իկնայթ խումբը եւ Ովկիանիոյ ախոյեան Թազմանիա Ճեքճամփըրզ խումբը:

Նախորդը

Եուրօ 2024-էն Լուրեր. Ո՞ր Աստղերը Պիտի Բացակային

Յաջորդը

Փութին. «Պատրաստ Ենք Բանակցելու Եւ Զինադադար Հաստատելու, Եթէ Ուքրանիան Հեռանայ 4 Շրջաններէն Եւ Հրաժարի ՕԹԱՆ-ին Միանալու Ձգտումէն»

RelatedPosts

Նշմար.  Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը
Մարզական

Նշմար. Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը

October 2, 2026
Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 2, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.