Երէկ առաւօտեան ժամերուն (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Մեսեչուսեթց նահանգի Պոսթըն քաղաքի «Թի. Տի. Կարտըն» դաշտի 19 հազար 156 աթոռները լեցուած էին համակիրներով, որոնք ականատես եղան Պոսթըն Սելթիքսի «Էն. Պի. Էյ.»-ի 18-րդ տիտղոսին:
Արդարեւ, տարեշրջանի աւարտականի 5-րդ մրցումին, Սելթիքս կրցաւ մրցումի սկիզբէն մինչեւ աւարտ տիրապետել Տալաս Մեւրիքսի վրայ եւ 18 կէտի առաւելութեամբ յաղթել 5-րդ մրցումին` ճակատումները աւարտելով 4-1 արդիւնքով:
Առաջին երեք ճակատումները յաղթելէ ետք, Պոսթըն 4-րդ մրցումին շատ ծանր պարտութիւն մը կրեց Տալասի մէջ: 38 կէտի առաւելութիւնը «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական մրցումներու պատմութեան 3-րդ ամէնէն բարձրն էր:
1998-ին Շիքակօ-Եութա (96-54) եւ 2008-ին Սելթիքս – Լէյքըրզ (131-92) մրցումները միայն եղած էին աւելի մեծ տարբերութեամբ աւարտականներ:
Միւս կողմէ, Պոսթըն իր 17 նախկին աւարտականներուն ամէնէն մեծ պարտութիւնը կրած էր 1984-ին` Լէյքըրզէն, 137-104 արդիւնքով: Այս պարտութիւնը շատ աւելի ծանր էր, եւ տարբերութիւնը 48-ի ալ հասած էր պահ մը 4-րդ մասին, երբ Տալաս իր պահեստի մարզիկներով շարունակեց:
Այդ օր (կիրակի գիշեր), Լուքա Տոնչիչ 29 կէտ նշանակած էր, մինչ Քայրի Ըրվինկ` 21 կէտ: Տերեք Լայվլի (11 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), Թիմ Հարտըուէյ Ճունիըր (15 կէտ) եւ Տանթէ Էքսըմ (10 կէտ) եղած էին Տալասի լաւագոյնները:
Պոսթըն, որ աւելի խմբային խաղաոճով ծանօթ է, բաւական ձախող ելոյթ մը ունեցած էր, ուր Ճէյսըն Թէյթըմ 15 կէտ նշանակած էր:
Երէկ պատկերը տարբեր էր, եւ Թէյթըմ (31 կէտ, 11 էսիսթ), Ճէյլըն Պրաուն (21 կէտ, 8 ռիպաունտ), Ճրու Հոլիտէյ (15 կէտ, 11 ռիպաունտ) եւ Տերիք Ուայթ (14 կէտ, 8 ռիպաունտ) կրցան տիրապետել Տալասի վրայ:
Լուքա Տոչիչ 28 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, Քայրի Ըրվինկ 15 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց, մինչ Ճոշ Կրին (14 կէտ) եւ Տերիք Ճոնզ (10 կէտ) եղան Տալասի լաւագոյնները, եւ ռիպաունտն է, որ եղաւ խումբերուն մեծ տարբերութիւնը. Պոսթըն 51 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տալաս` 35: Տալաս 13 թըրնովըր կատարեց Պոսթընի 7-ին դիմաց:
Ուրեմն Պոսթըն այժմ դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն շատ տիտղոս ունեցող խումբը` 1 տիտղոսով գերազանցելով Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (17 տիտղոս):
Նշենք, որ աւարտական մրցումներու «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուեցաւ Ճէյլըն Պրաուն:


