Մարզական

Թերզիչ Իր Հրաժարականը Ներկայացուց  Տորթմունտի Մարզիչի Պաշտօնէն

Թերզիչ Իր Հրաժարականը Ներկայացուց Տորթմունտի Մարզիչի Պաշտօնէն

Տորթմունտի գլխաւոր մարզիչ Էտին Թերզիչ երէկ յայտարարեց, թէ կը հրաժարի խումբը մարզելու իր պաշտօնէն: Գերմանիա ծնած ծագումով խրուաթ Թերզիչ, որ 2010-էն 2013 տաղանդ ընտրող էր եւ օգնական մարզիչ Տորթմունտի պատանիներու ակադեմիային մէջ Եուրկըն Քլոփի հովանաւորութեան տակ, ըսաւ. «Ուեմպլիի մեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումէն ետք, խնդրեցի պատասխանատուներուն հետ տեսակցութիւն մը, քանի որ Տորթմունտի հետ 9 տարի ետք` վեց տարի իբրեւ մարզիչ...

Հիրոքի Իթօ Միացաւ Պայերն Միւնիխին

Հիրոքի Իթօ Միացաւ Պայերն Միւնիխին

Պայերն Միւնիխ յայտարարեց, թէ պայմանագրութիւն մը կնքած է Ճափոնի եւ Շթութկարթի յետսապահ Հիրոքի Իթոյի հետ, մինչեւ 2028: Փոխանցման արժէքը 30 միլիոն եղած է յետսապահին, որ կրնայ թէ՛ կեդրոնի, թէ՛ ալ ձախ կողմի յետսապահ դիրքերու վրայ խաղալ: 25 տարեկան Իթօ 2 տարի մաս կազմած է Շթութկարթի հետ կատարելով 56 մրցումներ` նշանակելով 1 կոլ: Ան Ճափոնի ազգային խումբի մարզիկ է 2022-էն ի...

Ասիոյ Չեմփիընզ Լիկ.  Ռիատի Հասաւ Կիսաւարտական

Ասիոյ Չեմփիընզ Լիկ. Ռիատի Հասաւ Կիսաւարտական

Լիբանանի եւ Ուասլի ախոյեան Ռիատի հասաւ Ասիոյ պասքեթպոլի «Չեմփիընզ լիկ»ի կիսաւարտական հանգրուան: Իր երկրորդ մրցումին (Ա. խմբակին մէջ), Ռիատի 102-88 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հիւրընկալ Շապապ Ահլի խումբը, որ շատ դժուար մրցակից մըն էր: Տուպայի ակումբին լաւագոյն մարզիկն էր 28 տարեկան ամերիկացի Թրէյվըն Թիպոտօ, որ 23 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Առաջին մասին 29-22 արդիւնքով ետ մնալէ ետք, Ռիատի մինչեւ...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Լիբանան Պարտութեան Մատնեց Պենկլատեշը 4-0 Արդիւնքով, Բայց Դուրս Մնաց

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Լիբանան Պարտութեան Մատնեց Պենկլատեշը 4-0 Արդիւնքով, Բայց Դուրս Մնաց

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներուն գծով 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պենկլատեշը, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ: Այս մրցումը, որ Բ. հանգրուանի մրցումներու 9-րդ խմբակին գծով էր, եղաւ Լիբանանի ազգային խումբի վերջին մրցումը (խմբակին մէջ), որմէ ետք մոնտիալի զտումի մրցումներէն դուրս մնաց` գրաւելէ ետք խմբակին 3-րդ դիրքը: Այս մրցումը եղաւ նաեւ խմբապետ Հասան Մաաթուքի 123-րդ եւ վերջին մրցումը ազգային...

Սփերձեան Կրնայ Խաղալ «Սերի Ա.»-ի Մէջ

Սփերձեան Կրնայ Խաղալ «Սերի Ա.»-ի Մէջ

Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան (24 տարեկան) յաջորդական 2-րդ տարին ըլլալով եղած էր Ռուսիոյ ախոյեանութեան լաւագոյն աստղերէն: Անգամ մը եւս իտալական ակումբներ կը փորձեն ձեռք բերել հայ միջնապահը: Ճենովա ակումբը սկսած է մօտէն հետեւիլ եւ ուսումնասիրել հայ միջնապահին վիճակը, խաղի մակարդակը, հակառակ անոր որ տակաւին Ճենովա պաշտօնական ձեւով կապի մէջ չէ մտած Կրասնոտարի խումբի ղեկավարութեան հետ: Նախապէս, Եուվենթուս եւ...

Քոփա Ամերիքա 2024.  Միացեալ Նահանգներ Պիտի Հիւրընկալեն 48-րդ Քոփա Ամերիքան

Քոփա Ամերիքա 2024. Միացեալ Նահանգներ Պիտի Հիւրընկալեն 48-րդ Քոփա Ամերիքան

2024-ի Քոփա Ամերիքան, որ պիտի ըլլայ 48-րդ մրցաշարքը, առաջին անգամ սկսած է 1916-ին եւ տեղի ունեցած միայն հարաւային ամերիկեան խումբերու մասնակցութեամբ: 1993-էն ետք, 10 հարաւային ամերիկեան երկիրներու կողքին մրցաշարքին մասնակցած են 2 հիւսիսային ամերիկեան խումբեր: 1999-ին Ճափոն եւ Քաթար հրաւէր ստացան իրենց մասնակցութիւնը բերելու: Հարաւային Ամերիկայի 10 խումբերէն 8-ն յաջողած են առնուազն անգամ մը շահիլ: Միայն Վենեզուելա եւ Էքուատոր չեն...

Ռոնալտօ Եւ Մրցանիշ Մը Եւս

Ռոնալտօ Եւ Մրցանիշ Մը Եւս

Փորթուգալի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ երեքշաբթի գիշեր միջազգային մրցումներու մրցանիշ մը արձանագրեց` կատարելով իր ասպարէզի 1226-րդ ճակատումը Իրլանտայի դէմ բարեկամական փորձ-մրցումին: Ռոնալտօ գերազանցեց Պրազիլի նախկին բերդապահ Ռոժերիօ Սենիի մրցանիշը, որ 1225 մրցում էր: Ռոնալտօ 1226-րդ մրցումը պարզ ձեւով չկատարեց, այլ 2 կոլ նշանակեց Իրլանտայի դէմ, ուր Փորթոգալ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ վերջին փորձ-մրցումներուն, Եուրօ 2024-ի մրցաշարքի բացումէն առաջ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ճերի Ուեսթ Ոչ Եւս Է

«Էն. Պի. Էյ.» Ճերի Ուեսթ Ոչ Եւս Է

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի պատմական մարզիկներէն Ճերի Ուեսթ, որուն մարմնի շարժումին ձեւով յղացուած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Լոկօ»-ն, երէկ մահացաւ 86 տարեկան հասակին: Ճերի Ուեսթ 3 անգամ «Հոլ աֆ ֆէյմ» ցանկին մաս կազմած է, անգամ մը իբրեւ պատմական մարզիկ իր իրագործումներուն համար, անգամ մը իբրեւ մարզիչ եւ ուրիշ անգամ մը իբրեւ խումբի վարչական: Արդարեւ, ան 1960-էն 1974 եղած է Լոս...

Ալեակ Սարգիս Պարգեւատրուեցաւ

Ալեակ Սարգիս Պարգեւատրուեցաւ

Անցեալ շաբաթավերջին Ռիատի (Սէուտական Արաբիա) մէջ «Քրաուն Փլազա» պանդոկի գործադիր խորհուրդը պարգեւատրեց լիբանանցի այն մարզիկները, որոնք մասնակցած են եւ կը մասնակցին Սէուտական Արաբիոյ մարզական մրցումներուն եւ մրցաշարքերուն: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի նախկին նախարար Ֆատի Ժրայսաթի, մարզական ակումբներէ ներկայացուցիչներ, մարզիչներ, Նասր ակումբի պատասխանատուներ, Սէուտական Արաբիոյ թայքուանտոյի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներ, լիբանանցիներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներու ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան համայնքի գործադիր խորհուրդը եւ նախագահը:...

Լիբանանի Մայրիներու 29-րդ Ռալի.  Ռոժէ Ֆըղալի Ախոյեան

Լիբանանի Մայրիներու 29-րդ Ռալի. Ռոժէ Ֆըղալի Ախոյեան

Երկու օրերու վրայ տեղի ունեցաւ Մայրիներու 29-րդ ռալին, որ կազմակերպուած էր «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կողմէ, հիւսիսային Լիբանանի մէջ: Ռոժէ Ֆըղալի եւ օգնական Ժոզեֆ Մաթար Սքոտա Ֆապիայով գրաւեցին առաջին դիրքը` արձանագրելով 49 վայրկեան եւ 14,5 երկվայրկեան ժամանակ մը: Պասել Ապու Համտան եւ Ֆիրաս Էլիաս Ֆոլքսվակըն Փոլօ Ճի. Թի. Այ.-ով արձանագրեցին 50 վայրկեան եւ 43,7 երկվայրկեան ժամանակ` գրաւելով 2-րդ դիրքը: Ստորեւ`...

Պենճամին Հասսան Հրաւէր Ստացաւ Մասնակցելու Փարիզի Ողիմպիականին

Պենճամին Հասսան Հրաւէր Ստացաւ Մասնակցելու Փարիզի Ողիմպիականին

Պենճամին Հասսան պիտի դառնայ լիբանանցի առաջին թենիսմենը, որ կը մասնակցի 2024-ի Փարիզի Ողիմպիականին, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը յայտնեց երէկ: Փարիզի Ողիմպիականին մասնակցելու յատուկ հրաւէրներ կը տրուին (Եունիվըրսլիթի Փլէյսըզ) այն երկիրներու մարզիկներուն, որոնք շատ քիչ թիւերով կը մասնակցին Ողիմպիականին: Տանքա Քովինիչ (Մոնթենեկրօ) իր կարգին հրաւէր ստացաւ մասնակցելու Ողիմպիականի աղջկանց թենիսի մրցաշարքին: 2016-ին Ռիոյի (Պրազիլ) Ողիմպիականին ալ հրաւէր ստացած Քովինիչի երկրորդ Ողիմպիականն է,...

ՖԻՖԱ.  Հայաստան Եւ Վրաստան Միասին Կ՛ուզեն Հիւրընկալել Երիտասարդներու Մոնտիալը

ՖԻՖԱ. Հայաստան Եւ Վրաստան Միասին Կ՛ուզեն Հիւրընկալել Երիտասարդներու Մոնտիալը

Հայաստան եւ Վրաստան միասնաբար կը դիմեն ՖԻՖԱ-ին` հիւրընկալելու 2029-ի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ժամանակ յայտնեցին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան եւ Վրաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւան Քոպիաշվիլի: Ազգային ֆետերասիոններու ներկայացուցիչները լրագրողներու հետ հանդիպումի ժամանակ փոխանակուեցան նաեւ հաւաքականներու շապիկները: Եու. Է. Էֆ. Ա.-ն հաստատեց իր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Վրաստանի` մրցաշարքը միասին հիւրընկալելու գաղափարին:...

Եուրօ 2024.  Լոտեր 24 Խումբերէն

Եուրօ 2024. Լոտեր 24 Խումբերէն

Ուրբաթ օր տեղի կ՛ունենայ Եուրօ 2024-ի բացումը` Գերմանիոյ եւ Սկովտիոյ միջեւ, եւ Գերմանիոյ ամէնէն փորձառու մարզիկներէն Թոնի Քրուս, որ իր ասպարէզի վերջին մրցումները կը կատարէ, յայտնեց, որ ճնշում կայ հիւրընկալ խումբին վրայ, բայց 10 տարի առանց տիտղոսէ ետք, այլեւս ժամանակը յարմար է լաւ արդիւնք ձեռք բերելու: «Շատ բնական է, որ հիւրընկալ խումբին համար միշտ ճնշում կ՛ըլլայ: Այդ ճնշումն ալ երբեմն...

Թենիս.  Սինըր Առաջին, Ալքարաս` 2-րդ

Թենիս. Սինըր Առաջին, Ալքարաս` 2-րդ

Երէկ հրապարակուեցաւ թենիսի ֆետերասիոնի շաբթուան դասաւորումը, ուր սպասուածին նման, իտալացի Եաննիք Սինըր գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Ռոլան Կարոսի ախոյեան սպանացի Քարլոս Ալքարաս գրաւեց 2-րդ դիրքը: Հետաքրքրականը այն է, որ առաջին 10 թենիսմեններու ամէնէն երիտասարդ զոյգն են Սինըր-Ալքարաս զոյգը: Ալքարաս 21 տարեկան է, իսկ Սինըր` 22: Նախկին թիւ 1 թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ (37 տարեկան) կրնայ վերագրաւել աւելի բարձր դիրքեր, եթէ յառաջիկայ...

Լիբանանի Բ. Դասակարգի Աղջկանց  Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սփորթինկ Պքեննայա` 33-77

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակ Մը Տարաւ Աուֆիաա Ռիատիի Վրայ

Կիրակի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աղջիկները շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեցին Աուֆիաա Ռիատիի դէմ, Մըզհերի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ: Արդարեւ, ՀՄԸՄ, որ առաջին մասին 10-9 արդիւնքով յառաջացած էր, ետ կը մնար 2-րդ մասէն մինչեւ մրցումի վերջին վայրկեանները, սակայն կարեւոր կէտեր արձանագրեցին խմբապետ Սանան Խաչերեան եւ Վանեսա Փիւսկիւլեան, իսկ Անիելա...

«Էն. Պի. Էյ.»  Պոսթըն – Տալաս` 2-0

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն – Տալաս` 2-0

Պոսթըն Սելթիքս երէկ առաւօտ կրցաւ օգտուիլ Թի. Տի. Կարտընի իր համակիրներէն` պարտութեան մատնելու Տալաս Մեւրիքսը 105-98 արդիւնքով, ճակատումներուն արդիւնքը դարձնելով 2-0: Ճրու Հոլիտէյ փայլեցաւ, Տերիք Ուայթ պլոք ըրաւ, մինչ Ճէյսըն Թէյթըմ եւ Ճէյլըն Պրաուն այլ ձեւերով օգնեցին Սելթիքսի` պաշտպանելով եւ գնդակ դարձնելով: Առաջին մրցումէն ետք Տալասի մարզիչ Ճէյսըն Քիտ յայտնած էր, թէ Պոսթընի լաւագոյն մարզիկը Ճէյլըն Պրաունն է եւ ոչ...

Թենիս.  Էլինա Աւանէսեան Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ

Թենիս. Էլինա Աւանէսեան Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ

Ռուսահայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան, որ այս շաբթուան թենիսի աղջկանց դասաւորման 69-րդ դիրքը գրաւեց, պիտի ներկայացնէ Հայաստանը յառաջիկայ մրցաշարքերուն: «Այո՛, Էլինա Աւանէսեան Հայաստանի դրօշին տակ պիտի ներկայանայ: Սակայն տակաւին պաշտօնական չէ այդ որոշումը` սպասելով իր հայկական քաղաքացիութեան ստանալը, յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան: Էլինա Աւանէսեան ծնած է 2002-ին Փիաթիկորսքի մէջ (Ռուսիա) եւ 2024-ի փետրուարին...

Վաչէ Մանուկեան Կը Փափաքի Գնել Էվըրթըն Ֆութպոլի Խումբը

Վաչէ Մանուկեան Կը Փափաքի Գնել Էվըրթըն Ֆութպոլի Խումբը

Շաբաթավերջին լոնտոնաբնակ գործարար Վաչէ Մանուկեան, որ Լիվըրփուլ քաղաքի Էվըրթըն ակումբի համակիր է, փափաք յայտնեց 400 միլիոն փաունտի (սթերլինկ) գնել ակումբը, առաջարկ մը յղելով այժմու տիրոջ` Ֆարհատ Մոշիրիի: Մանուկեանի առաջարկը յաւելեալ պարտք կուտակել չէ ակումբին վրայ` աւելի վտանգելով անոր ապագան, այլ դրամական օգնութիւն տրամադրել երկար ժամանակի վրայ լաւ ուսումնասիրութիւններով: Մանուկեանի առաջարկը բազմաթիւ առաջարկներէն մէկն է միայն, բայց ըստ ակումբի շշուկներուն ամէնէն...

Եուրօ 2024.  24 Խումբերն Ալ Ընտրեցին Իրենց Լաւագոյն 26 Մարզիկները  (Ա. Մաս)

Եուրօ 2024. 24 Խումբերն Ալ Ընտրեցին Իրենց 26 Մարզիկները (Բ. Մաս)

Եուրօ 2024-ի մասնակցող 24 խումբերը բաժնուած են 6 խմբակներու, եւ երէկ նշեցինք առաջին երեք խմբակներուն մասնակցող կարեւորագոյն մարզիկները: Այսօր կը շարունակենք մեր ներկայացումը, ուր Դ. խմբակին մաս կը կազմեն Ֆրանսա, Նետերլանտներ, Լեհաստան եւ Աւստրիա: Ֆրանսայցի մարզիչ Տիտիէ Տեշան ընտրեց, 25 մարզիկներ, որոնց կարգին Սէուտական Արաբիոյ Իթթիհատ ակումբի միջնապահ Էնկոլօ Քանթէն, որ վերջին մոնտիալէն բացակայած էր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով եւ միայն...

Ֆորմիւլա 1.  Վերշթափըն Շահեցաւ Քանատայի Կրան Փրին

Ֆորմիւլա 1. Վերշթափըն Շահեցաւ Քանատայի Կրան Փրին

Կիրակի գիշեր, Մոնրէալի մէջ (Քանատա) տեղի ունեցաւ այս տարուան 9-րդ կրան փրին, որուն ընթացքին աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն կրցաւ իր Ռետ Պուլով գրաւել առաջին դիրքը` անձրեւոտ մթնոլորտով սկսած մրցումի մը ընթացքին: Տարուան ամէնէն հետաքրքրական մրցումին մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած էր գերմանական Մերսետես խումբը, մինչ Մաքլարեն մինչեւ վերջին վայրկեան պայքարեցաւ գրաւելու առաջին դիրքը: Ֆեռարի Մոնաքոյի մէջ յաջողութիւն արձանագրելէ ետք ձախողեցաւ մրցումը աւարտել,...

Page 203 of 1281 1 … 202 203 204 … 1,281

Արխիւներ