Չելսիի եւ Պրայթընի նախկին գլխաւոր մարզիչ Կրահամ Փոթըր կրնայ միանալ Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտին:
Ըստ զանազան աղբիւրներու, անցեալ մարտէն ի վեր Տորթմունտ հետաքրքրուած էր 49 տարեկան անգլիացի մարզիչով:
Տորթմունտ հետաքրքրուած էր Առնէ Սլոթով, որ վերջերս միացաւ Լիվըրփուլին, եւ Ֆրանք Հէյզենով, որ Լանսը լքելով միացաւ Նիսին:
Տորթմունտի մարզիչ Էտին Թերզիչի հեռանալէն ետք, Տորթմունտ աւելի լուրջ սկսաւ հետաքրքրուիլ Փոթըրով, որ սակայն կրնայ ընտրել Լայսթըր Սիթին:
Լայսթըր Սիթիի իտալացի մարզիչ Էնցօ Մարեսքա, որ ախոյեան դարձած էր Բ. դասակարգի, լքած էր Լայսթըրը եւ միացած Չելսիին:
Միւս կողմէ, Ռոպերթօ Տը Ցերպի բաւական յաջող ժամանակ անցընելէ ետք Պրայթընի հետ համաձայնութեամբ լքեց իր պաշտօնը եւ հաւանաբար միանայ ֆրանսական Մարսէյ ակումբին:
Տը Ցերպի Պրայթընի վարչութեան հետ հարցեր ունեցաւ բաւարար ձեւով լաւ փոխանցումներ չկատարելուն պատճառով` նկատի ունենալով, որ իտալացի մարզիչը մարզիկներու ցանկ մը պատրաստած էր միացնելու Պրայթընին, բան մը, որ մերժուած էր պատասխանատուներուն կողմէ: Մարսէյ նախապէս կը մտածէր Սերժիօ Քոնսեսաուի հետ կապուիլ, սակայն Տը Ցերպի կը մնայ թիւ 1 թեկնածուն: