Հայաստանի սամպոյի հաւաքականի անդամ, 98 քկ կշիռի Արսէն Խանճեան պրոնզէ մետալ շահեցաւ Ռուսիոյ Քազան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՊՐԻՔՍ-ի մարզական խաղերուն:
ՊՐԻՔՍ, ուր միջազգային միութիւն մըն է, կազմուած` Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի կողմէ եւ կը գործէ դեկտեմբեր 2010-էն ի վեր, ողիմպիականի նման մարզական մրցաշարք մը կազմակերպած է: Եգիպտոս, Իրան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա եւ Եթովպիա վերջերս միացած երկիրներն են ՊՐԻՔՍ-ին:
Վերադառնալով մարզական խաղերուն, Հայաստան Սամպոյի մրցումներուն 64 քկ կշիռի մրցումներուն այլ պրոնզ մետալ մը շահած էր Արթուր Մանուկեանի միջոցով:
Հայաստան տակաւին ներկայացուցիչներ ունի սամպոյի, քարաթէի, Ուու շուի, փինկ փոնկի, մարմնամարզութեան եւ ըմբշամարտի մրցումներուն: