Թենիսի տղոց պատմութեան լաւագոյն թենիսմեններէն Նովաք Ճոքովիչ պիտի մասնակցի այս տարուան Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն, յայտնեց Սերպիոյ Ողիմպիական կոմիտէն:
24 անգամ կրան շլեմի տիտղոսակիր Ճոքովիչ իր 5-րդ Ողիմպիականին պիտի մասնակցի: Ան 2008-ին մասնակցած էր առաջին անգամ ըլլալով (Փեքինի մէջ), ուր պրոնզ մետալ շահած էր:
37 տարեկան սերպ թենիսմենը ծունկի գործողութեան ենթարկուեցաւ անցեալ ամիս` Ռոլան Կարոսի մրցաշարքը կիսատ ձգելով, եւ կասկածներ կային իր մասնակցութեան` Ուիմպըլտընի եւ Փարիզի Ողիմպիականի մրցումներուն:
Այժմ թիւ 3 դասուած Ճոքովիչ կը մնայ 2024-ի իր չար բախտը մոռնալ` շահելով Ողիմպիականի ոսկի մետալը: Ան 2023-ին 4 կրան շլեմի մրցաշարքերէն 3-ը կրցած էր շահիլ, սակայն այս տարի տակաւին ոչ մէկ մրցաշարք կրցաւ շահիլ, Եաննիք Սինըր շահած էր Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը, մինչ Քարլոս Ալքարաս` Ռոլան Կարոսը:
Տուշան Լայովիչ (թիւ 56 դասուած) նոյնպէս պիտի մասնակցի Սերպիոյ դրօշին տակ 27 յուլիսէն 4 օգոստոս երկարող թենիսի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռոլան Կարոսի դաշտերուն վրայ:
Սպանացի վեթերան Ռաֆայէլ Նատալ, որ պիտի չմասնակցի Ուիմպըլտընի մրցաշարքին, պիտի մասնակցի Ողիմպիականին: