ՊՐԻՔՍ մարզական խաղերու մրցաշարքը շարունակուեցաւ, եւ քարաթէի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Սուրէն Յարութիւնեան շահեցաւ ոսկի մետալ` 67 քկ կշիռի մրցումներուն:
Սուրէն Յարութիւնեան յաղթելէ ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մարզիկ Ահմետ Ֆահըտ Ահմետ Ապպաս Ահմետին, շահեցաւ ոսկի մետալ: Ան նախապէս դուրս ձգած էր ուզպեք մարզիկ Եախոնկիր Զիյաթուն եւ Խըրխըզիստանի մարզիկ Քալիս Նուրլապեք Ուլուն:
Նշենք, որ Նարեկ Գասպարեան (60 քկ), Հայկ Քարեան (75 քկ) եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան (75 քկ) իրենց մասնակցութիւնը բերին քարաթէի մրցումներուն:


