17 տարեկան Էմին Օհանեան դարձաւ երիտասարդներու աշխարհի փոխախոյեան: 11-րդ եւ վերջին մրցումին, Հայաստանի ներկայացուցիչը յաղթեց Ֆիլիփեան կղզիներէն Տանիէլ Քուիզոնին եւ 8,5 կէտերով աւարտեց մրցաշարքը` շահելով արծաթ մետալը: 8,5 կէտ շահեցաւ նաեւ ախոյեան Նոկերբէկ Կազիբէկը (Ղազախստան): Ան իր վերջին մրցումին յաղթեց Մամիկոն Ղարիպեանին, որ 8 կէտերով գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Մարիամ Մկրտիչեան 19 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներու փոխախոյեանը դարձաւ:
Ան վերջին հանգրուանին յաղթած էր հնդիկ Ռավի Ռակշիբային եւ 9,5 կէտ շահեցաւ` շահելով արծաթ մետալը:
Աղջկանց ախոյեան դարձաւ հնդիկ Տիւիա Տեշմուխ, որ 10 կէտեր շահեցաւ (11 կարելի կէտերէն): Մարիամ ոչ մէկ պարտութիւն կրեց` արձանագրելով 8 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն:


