Խրուաթիոյ միջնապահ Նիքոլա Վլասիչ, որ մկանի վնասուածք ունէր, ստիպուեցաւ քաշուիլ Եուրօ 2024-էն:
Թորինոյի միջնապահ Վլասիչ, որ վիրաւորուած էր Իտալիոյ ախոյեանութեան ընթացքին, դաշտ ներկայացած էր Փորթուգալի դէմ բարեկամական մրցումին, բայց Սպանիոյ դէմ (3-0) պարտուած մրցումին մնացած էր պահեստի աթոռներուն վրայ:
Քանի մը օր առաջ, սերպ միջնապահ Ֆիլիփ Քոսթիչ իր կարգին դուրս մնացած էր ծանր վէրք մը ստանալէ ետք, Անգլիոյ դէմ կատարուած մրցումին: