Փիւնիկի ֆութպոլիստ Հրաչեայ Սարգսեան իր զինուորական ծառայութեան ժամանակաշրջանին պիտի միանայ ԲԿՄԱ Երեւան ակումբին:
Բանակի կեդրոնական մարզական ակումբը (ԲԿՄԱ) Վաղարշապատի դաշտին վրայ կը կատարէ իր մրցումները, եւ գրաւելէ ետք ախոյեանութեան վերջին դիրքը, Բ. դասակարգ փոխադրուած էր:
18 տարեկան Սարգսեան Փիւնիկի հետ պաշտպանողական գիծի մարզիկ մըն էր, որ իր ակումբին հետ ախոյեան դարձած էր Հայաստանի: Ան այս տարի առաջին անգամ ըլլալով հրաւէր ստացած էր մասնակցելու Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբին հետ:
Նշենք, որ ԲԿՄԱ Երեւանի մաս կը կազմէր ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին հայրենի պաշտպաններէն Արգիշտի Պետրոսեան, որ 2 տարեշրջան մասնակցած էր ՀՄԸՄ-ի հետ 2014-էն 2016, երբ Բ. դասակարգին մաս կը կազմէր խումբը: