Երէկ գիշեր սկսաւ Եուրօ 2024-ը Գերմանիոյ մէջ: Այս Եուրոն պիտի ըլլայ շատ յատկանշական մրցաշարք մը, որուն ընթացքին ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն աստղերէն քանի մը հատը պիտի կատարեն իրենց վերջին պաշտօնական մրցումները, մինչ այլ աստղեր դուրս մնացին զանազան պատճառներով:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ 39 տարեկան եղաւ անցեալ փետրուարին, շատ հաւանական է, որ կատարէ իր 6-րդ եւ վերջին Եուրոն, ինչ որ արդէն իսկ մրցանիշ մըն է: Փորթուգալի խմբապետը տակաւին 90 վայրկեան ֆութպոլ խաղալու ֆիզիքական պատրաստուածութիւն ունի` շնորհիւ լուրջ փորձերուն եւ խիստ սննդականոնի: Ալքոլէ եւ որեւէ ասիտ պարունակող խմիչքէ հեռու Ռոնալտօ ձեւով մը պահած է իր մարմնական յատկութիւնները:
Իր խմբակից եւ Փորթօ ակումբի խմբապետ Փեփէ իր կարգին վերջին մրցաշարքը պիտի կատարէ` նկատի ունենալով, որ 41 տարեկան եղած է:
Լեհաստանի խմբապետ Ռոպերթ Լեվանտովսքի, որ իր ազգային խումբին հետ բաւարար արդիւնաւէտ չէ եղած, որքան իր ակումբներու ելոյթներուն, կը մնայ սակայն վերջին տարիներու լաւագոյն կոլ սքորըրներէն: 35 տարեկան Լեվանտովսքի, որ Պարսելոնային միանալէ ետք քիչ մը աւելի նուազ ազդեցութիւն ունեցած է, քան Պայերն Միւնիխի հետ իր օրերուն, ամէն գնով պիտի փորձէ լաւ ձեւով աւարտել իր ասպարէզը` Լեհաստանի հետ:
Քեւըն Տը Պրունիէ, որ կը նկատուի Պելճիքայի պատմութեան ոսկի ժամանակաշրջանի լաւագոյն միջնապահներէն, իր վերջին մրցաշարքին վերջին փորձ մը պիտի կատարէ ձեռք ձգելու տիտղոս մը` ազգային խումբին հետ, աւելցնելով զայն իր ակումբի` Մանչեսթըր Սիթիի յաջողութիւններուն: 32 տարեկան Տը Պրունիէ վերջին տարիներուն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով նոյնքան յաջող ելոյթներ չունեցաւ, սակայն Սիթիի 5-րդ յաջորդական «Փրեմիեր լիկ»-ի յաջողութեան վստահելով եւ այդ յաջողութեան փորձառութենէն օգտուելով պիտի փորէ ազգային խումբը հասցնել աւարտական հանգրուաններուն:
Լուքա Մոտրիչ, որ Խրուաթիոյ եւ Ռէալ Մատրիտի աստղ միջնապահներէն մէկն է, 38 տարեկանին վսհատաբար վերջին անգամ ըլլալով պիտի փորձէ ազգայի խումբին հետ յաջողութիւն գտնել:
2018-ին աշխարհի փոխախոյեան եւ 2021-ին 3-րդ դիրքը գրաւած Մոտրիչ վերջերս 1 տարիով երկարաձգած էր իր պայմանագրութիւնը Ռէալ Մատրիտի հետ, բայց ազգային խումբին հետ հաւանաբար իր վերջին ելոյթները ունենայ:
Մոտրիչի խմբակից Թոնի Քրուս, որ Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ 2014-ի մոնտիալը շահած էր, 2021-ին լքելէ ետք ազգային խումբը, վերստին ընդունեց վերադառնալ Գերմանիոյ ազգային խումբի մարզիչ Եուլիան Նակըրլմանի առաջարկով` վերջին անգամ կրելու ազգային խումբի շապիկը եւ ինջաւ չէ փորձել օգնելու Գերմանիոյ, որ իր դաշտին վրայ յաջողութիւն գտնէ:
Քրուս ամիս մը առաջ յայտարարեց, թէ ֆութպոլի ասպարէզը պիտի լքէ 2024-ի Եուրոյի աւարտին: Սակայն Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի յոյս ունի եւ կը հաւատայ, որ Քրուս տակաւին առնուազն 2 տարի կրնայ բարձր մակարդակի վրայ ֆութպոլ խաղալ:
Այժմ պէտք է նշել, թէ ո՛ր աստղերը զանազան պատճառներով պիտի չմասնակցին այս եուրոյին:
Անգլիոյ ազգային խումբի մարզիչ Կարեթ Սաութկէյ անակնկալի բերաւ բոլորը` նկատի չառնելով «շփացած» Ճեք Կրիլիշը, Ճէյմս Մետիսընը եւ Մարքուս Ռաշֆորտը: Ան երկար ժամանակ յայտնած էր, որ Հերի Մակուայըտը նկատի պիտի առնէ, նոյնիսկ եթէ Մանչեսթըր Եունայթըտ զինք չխաղցնէ, սակայն Մակուայըտ այժմ վիրաւոր է եւ նկատի չառնուեցաւ:
Ռաշֆորտի պարագային մակարդակի նահանջն էր պատճառը: Ճէյմս Մետիսըն լաւապէս չէր ֆիզիքական գետնի վրայ, որովհետեւ տակաւին քանի մը ամիս առաջ ան վիրաւոր էր: Կրիլիշի պարագային Սաութկէյթ պատճառաբանեց, թէ ան Մանչեսթըր Սիթիի հետ բաւարար ելոյթ չէր ունեցած այս տարեշրջանին, բան մը, որ նեղացուցած էր Կրիլիշը, որ միշտ ալ ալքոլի շիշը ձեռքին կը սիրէ գիշերային կեանքը:
Գերմանիոյ ազգային խումբէն պիտի բացակային Մաթս Հումելզ, Սերժ Կնապրի եւ Լէոն Կորեցքա: Հումելզ օգնեց իր խումբին` Տորթմունտին, որ հասնի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական, բայց չկրցաւ Գերմանիոյ ազգային խումբ հասնիլ: Սերժ Կնապրի վիրաւոր ըլլալուն պատճառով նկատի չառնուեցաւ, մինչ Կորեցքայի մակարդակը անկայուն ըլլալով Պայերն Միւնիխի հետ պատճառ դարձած էր նկատի չառնուելուն:
Թիպօ Քուրթուա ամբողջ եղանակը վիրաւոր էր, բայց վերադառնալով պահպանած էր Ռէալ Մատրիտի բերդը` «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականին: Սակայն Պելճիքայի մարզիչը զինք յարմար չտեսաւ պահպանելու ազգային խումբի բերդը եւ դուրս ձգեց զայն կազմէն:
Այլ աստղ մը, որ պիտի բացակայի սպանացի Կաւին է, որ ծունկի ետեւի կապերը վիրաւորելով հեռացած էր ֆութպոլէն եւ լաւապէս դարմանուած չէ:
Այլ յառաջապահ մը, որ վիրաւոր էր շատ ժամանակով իր ակումբին` Չելսիի հետ, ֆրանսացի Քրիսթոֆըր Էնքունքուն է, որ իր կարգին դուրս մնաց Տիտիէ Տեշանի կազմէն:
Ռէալ Մատրիտի պաշտպան Տաւիտ Ալապա ներկայ պիտի ըլլայ Աւստրիոյ ազգային խումբին հետ, սակայն խմբապետ Ալապա պարզապէս բարոյական ուժ պիտի ըլլայ իր խմբակիցներուն, վիրաւոր ըլլալով:
Իտալիոյ ազգային խումբէն պիտի բացակայի միջնապահ Մարքօ Վերաթթի, որ Սէուտական Արաբիա մեկնելէ ետք ազգային խումբ չհրաւիրուեցաւ:
«Սերի Ա.»-ի լաւագոյն երիտասարդ մարզիկ ընտրուած Եոշուա Զիրքզի սկիզբը նկատի չառնուեցաւ Նետերլանտներու ազգային խումբին մէջ, սակայն Ֆրենքի Տը Եոնկի վերջին վայրկեանին դուրս մնաց Ռոնալտ Քումանի կազմէն, եւ Զիրքզի փոխարինեց Տը Եոնկը:
«Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն յառաջապահներէն Էրլինկ Հաալանտ պիտի չմասնակցի Եուրօ 2024-ին, որովհետեւ Նորվեկիոյ ազգային խումբը չկրցաւ հասնիլ զտումի մրցումներէն: Պարագան նոյնն է շուէտացի Ալեքսանտր Իզաքի (Նիւքեսըլ) եւ Կալեսցի Պրենըն Ճոնսընի (Թոթենհամ), որոնք շատ լաւ տարեշրջան բոլորեցին իրենց ակումբներուն հետ, բայց իրենց ազգային խումբերը ձախողեցան զտումի մրցումներուն: