Այսօր գիշեր ժամը 22:00-ին, Բ. խմբակին մէջ իրենց առաջին մրցումները յաղթած Իտալիա եւ Սպանիա պիտի մրցին իրար դէմ` յաջորդ հանգրուանը առաջին դիրքի վրայ անցնելու գնով:
Իտալիա, որ Ալպանիոյ դէմ 2-1 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը տարած էր` ստանալով Եուրոյի պատմութեան ամէնէն արագ կոլը, պիտի փորձէ իր կարելին` զօրաւոր Սպանիոյ դէմ, որ 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրած էր Խրուաթիոյ դէմ:
Երէկ, Խրուաթիա կոլ մը ստանալէ ետք երկու կոլ նշանակեց Ալպանիոյ դէմ, երկրորդը` շնորհիւ Քլաուս Կիասուլայի (սխալմամբ իր բերդին մէջ), որ սակայն 95-րդ վայրկեանին կրցաւ այս անգամ ճիշդ բերդին մէջ նշանակել իր կազմին` Ալպանիոյ հաւասարութեան կոլը:
Խրուաթիա, որ յոյսով էր 3 կէտերը շահելու, անակնկալի մատնուեցաւ, եւ այժմ պէտք է իր վերջին մրցումին անպայման յաղթէ Իտալիոյ` անցնելու համար Բ. հանգրուան:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումին, Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիչ Լուչիանօ Սփալեթթի ըսաւ. «Մենք կը հագուինք Ճիորճիօ Արմանի, որ ծանօթ է ամբողջ աշխարհի մէջ: Մենք նոյն տարազով դաշտ պիտի ներկայանանք, անշուշտ մեր սիրած խաղաոճը կիրարկելով, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ մեր տարազը աղտոտել, ամէն միջոցի պիտի դիմենք յաղթելու համար: Մեր մրցակիցը մրցաշարքի ամէնէն զօրաւոր խումբերէն է, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք չափուելու անոնց հետ»:
Իտալիա վերջին Եուրոյի ախոյեանն է, որ սակայն ձախողած էր հասնելու 2022-ի մոնտիալ:
Սպանիա մարզիչ Լուիս տը լա Ֆուենթէի հետ պիտի փորձէ վրէժ լուծել վերջին Եուրոյի կիսաւարտականի պարտութեան Իտալիոյ դէմ (փենալթիներով): Այս խմբակի առաջին դիրքը գրաւող խումբը համեմատաբար աւելի հանգիստ մրցակիցներ կրնայ ունենալ նաք-աութի (յաջորդող) հանգրուաններուն:
Սպանիոյ թիւ 1 ուժը արագ ֆութպոլն է` մրցակիցի մը դէմ, որ համեմատաբար աւելի դանդաղ ֆութպոլ կը խաղայ:
Գ. խմբակին մէջ, Սերպիա պիտի մրցի Սլովենիոյ դէմ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: Սերպիա 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Անգլիոյ դէմ, մինչ Սլովենիա իր առաջին մրցումին կրցած էր հաւասարութիւն խլել Դանիոյ դէմ մրցումին:
Ժամը 19:00-ին Անգլիա պիտի մրցի Դանիոյ դէմ, մրցումի մը, որ պիտի որոշէ Գ. խմբակի առաջին դիրքը:
Նշենք, որ Զ. խմբակին մէջ իրենց առաջին մրցումին, Փորթուգալ յարձակողական ֆութպոլ մը կիրարկելէ ետք շատ դժուարութիւն ունեցաւ կոլ նշանակելու Չեխիոյ դէմ:
Կիսախաղին, ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտելէ ետք, Չեխիա անակնկալ ձեւով կոլ մը նշանակեց` շնորհիւ Լուքաս Փրովոտի: Հազիւ 7 վայրկեան անցած, Փրովոտի խմբակից Հրանաչ սխալմամբ ուղղութիւնը փոխելով իր բերդին մէջ նշանակեց կոլ մը` Փորթուգալի 1-1-ի կոլը:
87-րդ վայրկեանին Տիոկօ Ճոթա նշանակեց 2-րդ կոլ մը` ի նպաստ Փորթուգալի, բայց ՎԱՐԸ զայն օֆսայտ նկատեց:
9-րդ վայրկեանին, Փորթուգալի լաւագոյն մարզիկներէն Վեթինիա փոխարինուեցաւ Ֆրանսիսքօ Քոնսեսաոյով:
21 տարեկան Քոնսեսա 2 վայրկեան ետք ճիշդ դիրքի վրայ էր ճիշդ ժամանակին եւ հանգիստ ձեւով նշանակեց Փորթուգալի յաղթանակի կոլը:
Այս մրցումը եղաւ մրցանիշներով հարուստ: Արդարեւ, Փորթուգալի պաշտպան Փեփէ (41 տարեկան) եղաւ ամէնէն երէց մարզիկը, որ կը մասնակցի Եուրոյին, մինչ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (39 տարեկան) կատարեց իր 27-րդ մրցումը (մրցանիշ) Եուրոյի մրցաշարքին: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ շատ լաւ մրցում մը ունեցաւ, իր 6-րդ Եուրոյին մասնակցեցաւ, որ մրցանիշ մը եւս կը նկատուի:
Նոյն խմբակին մէջ (Զ. խմբակ), Թուրքիա բաւական բախտաւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Վրաստանի դէմ` 3-1 արդիւնքով:
Արդարեւ, 2-1 արդիւնքով ետ մնալէ ետք (կիսախաղ` 1-1), Վրաստան վերջին վայրկեաններուն 2-3 ոսկի առիթներ կորսնցուց հաւասարելու, մինչ 96-րդ վայրկեանին Վրաստանի բերդապահը յարձակումի օգնելու համար (քոռնըրէ մը ետք) յառաջացած էր մրցակիցի քառակուսի, յոյսով, որ հաւասարութեան կոլը նշանակէ կամ օգնէ:
Մրցակից թուրք մարզիկ մը` Աքթուրքօղլու կրցաւ առիթէն օգտուիլ եւ դաշտին կեդրոնէն առանձին սուրալով նշանակեց 3-րդ կոլը:
Պէտք է ըսել, որ ֆրանսացի մարզիչ Ուիլի Սանիոլի մարզած Վրաստանը: Քաջալերելի ելոյթ ունեցաւ, բայց վստահաբար փորձառութեան պակաս ունի: