Պոսթըն Սելթիքս Թեքսասի մէջ կատարեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտականի ճակատումներու 3-րդ մրցումը եւ կրցաւ յաղթել Տալաս Մեւրիքսին:
Տալաս, որ շատ վճռական մրցում կը կատարէր, մրցումի վերջին 4 վայրկեանները խաղցաւ առանց Լուքա Տոնչիչի, որ 1 վայրկեանի ընթացքին կատարեց 2 յաջորդական ֆաուլեր… իր 5-րդը եւ 6-րդը, եւ լքեց մրցումը: Քայրի Ըրվինկ փորձեց իր կարելին ընել, սակայն չկրցաւ Պոսթընի դէմ առանձին դիմանալ…
Ըրվինկ 35 կէտ նշանակեց, մինչ Լուքա Տոնչիչ աւելցուց 27 կէտ:
Տերեք Լայվլի 11 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տալասի, որ այժմ գրեթէ անկարելի պարտականութիւն ունի յաղթելով մնացեալ 4 մրցումները:
Պոսթըն Սելթիքսէն փայլեցան Ճէյսըն Թէյթըմ (31 կէտ) եւ Ճէյլն Պրաուն (30 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ): Տերիք Ուայթ 16 կէտ աւելցուց ի նպաստ Պոսթընի, որ յաղթանակի մը պէտք ունի առանձին դառնալով «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն շատ ախոյեան դարձած խումբը 18 տիտղոսով: Ան այժմ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ 17 տիտղոս ունի:


