Պորուսիա Տորթմունտ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական հասած էր, լրջօրէն հետաքրքրուած է Շթութկարթի յառաջապահ Սերհու Կիրասիով:
Տորթմունտի ներկայացուցիչներ արդէն իսկ ներկայացած են մարզիկին եւ պայմանագիր առաջարկած: Տորթմունտ պատրաստ է 17,5 միլիոն եւրօ տրամադրելու փոխանցման համար, սակայն ամէն ինչ կախեալ է նոյնինքն Կիրասիէն: Սերհու Կիրասի, որ Կինէի ազգային խումբին անդամ է, 2022-էն ի վեր կը խաղայ Շթութկարթի հետ եւ 50 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 40 կոլ: Նախապէս Կիրասի կը յուսար խաղալ Պայերն Միւնիխի հետ, որ մինչեւ օրս լուրջ առաջարկ չէ ներկայացուցած Շթութկարթին կամ Կիրասիին: