Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Մարքօ Ռոյս Պիտի Միանայ Լոս Անճելըս Կալաքսիին

August 10, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տորթմունտի նախկին յարձակող միջնապահ Մարքօ Ռոյս 12 տարի մնալէ ետք նոյն խումբին մէջ,  համաձայնեցաւ միանալու Լոս Անճելըս Կալաքսիի:

35 տարեկան Ռոյս Ռոթ Վայս Էսենի հետ սկսելէ ետք իր արհետավարժ ֆութպոլի ասպարէզը 20 տարեկանին միացաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին, ուր 97 մրցումներ կատարելէ ետք 3 եղանակներու վրայ նշանակեց 36 կոլ:

2012-ին միանալով Պորուսիա Տորթմունտին ան կատարեց 294 մրցում նշանակելով 120 կոլ:

Ան բաւական անբախտ էր եւ կարեւոր ժամանակներու վիրաւորուեցաւ` հեռու մնալով 2014-ի Մոնտիալէն, 2016-ի Եուրոյէն, ինչպէս նաեւ 2020-ի Եւրոյէն եւ 2022-ի Մոնտիալէն:

Ան մէկուկէս տարուան վրայ պայմանագրութիւն պիտի կնքէ «Էմ.Էլ.Էս.»-ի խումբերէն Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ: Ան պիտի ստանայ 5 միլիոն եւրոօ տարեկան աշխատավարձ:

Ռոյսի խմբակիցներէն Մաթս Հումելզ հաւանաբար միանայ անգլիական Պրայթըն խումբին: Անոր ծառայութիւններով շատ հետաքրքրուած է Պրայթընի գերմանացի մարզիչ Ֆապիան Հուրցելեր: Աւելի կանուխ, իտալական ակումբներ Պոլոնիա, Ա.Էս.Ռոմա եւ Քոմօ հետաքրքրուած էին Հումելզի ծառայութիւններով:

Մանչեսթըր Եունայթըտի 24 տարեկան պրազիլցի ծայրի միջնապահ Անթոնի կրնայ փոխադրուիլ Սէուտական Արաբիա:

Արդարեւ, Նասր ակումբը, որուն մաս կը կազմէ Ռոնալտօ, մօտէն հետաքրքրուած է Անթոնիի ծառայութիւններով, մանաւանդ երբ Նասր վերջերս ձախողեցաւ ձեռք ձգել Պարսելոնայի ծայրի յառաջապահ Ռաֆինիոն:

Անթոնի մինչեւ 2027 պայմանագրութիւն ունի «Կարմիր  սատանաներ»-ուն հետ, սակայն Եունայթըտ կրնայ անոր փոխանցման արժէքով ձեռք ձգել աւելի պաշտպանող մարզիկներ, մանաւանդ որ ամիսներէ ի վեր կը փորձէ ձեռք ձգել Նետերլանտներու կեդրոնի պաշտպանող Մաթայա Տը Լիիթը Պայերն Միւնիխէն:

Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկներէն Ճէյտըն Սանչօ, իր հարցերը լուծելէ ետք Նետերլանտներու մարզիչ Էրիք Թեն Հակի հետ, այժմ լաւ օրերու մէջ է եւ շատ ուրախ կը թուի ըլլալ:

«Նախապատրաստական փորձ մրցումները, ինչպէս նաեւ խումբին մթնոլորտը սքանչելի են: Հաճելի էր եղանակը վայելելը` տղոց հետ վերադառնալով… հիանալի», ըսաւ Սանչօ, որ անցեալ տարեշրջանին փոխ տուած էր Տորթմունտին:

Մանչեսթըր քաղաքի Սիթի խումբին արժանթինցի յառաջապահ Խուլիան Ալվարես համաձայնած է միանալու սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտ ակումբին:

24 տարեկան Ալվարես, որ մարզիչ Կուարտիոլայի հետ հարցեր ունեցած էր բոլոր մրցումներուն ներկայ չըլլալուն պատճառով, 5 տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Աթլեթիքոյի հետ` 95 միլիոն Եւրոյի փոխարէն:

Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, սպանական ակումբը 75 միլիոն պիտի վճարէ, ապա 20 միլիոն եւս` աւելի ուշ:

Նախապէս, Փարիզ Սեն Ժերմեն փափաք յայտնած էր ձեռք ձգելու «դժգոհ» արժանթինցին տարեկան 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձով  փոխ առնելու:

Միւնիխի մէջ, Պայերնի յարձակող վեթերան միջնապահ Թոմաս Միւլըր կարճ հարցազրոյցի մը ժամանակ յայտնեց, որ ֆութպոլը շատ կը սիրէ եւ այդ պատճառով կը փորձէ շարունակել խաղալ, այնքան ժամանակ որ կարող է խաղալ: Միւլըր 2024-ի Եուրոյի աւարտին յայտնած էր, թէ կը լքէ ազգային խումբը:

34 տարեկան Միւլըր 2000 թուականին մաս կը կազմէ Պայերն Միւնիխին եւ խաղցած է բոլոր յարձակողական դիրքերուն վրայ:

Փարիզ Սեն Ժերմեն ձեռք ձգեց փորթուգալցի Ժուաօ Նեւեշը Պենֆիքայէն:

19 տարեկան միջնապահը 5 տարուան համար պայմանագիր կնքեց 60 միլիոն եւրոյի փոխարէն` առաւել 10 միլոն եւրօ պոնիւսով:

Գերմանացի միջնապահ Փասքալ Կրոս լքելէ ետք անգլիական Պրայթըն ակումբը միացաւ Տորթմունտին:

33 տարեկան Կրոս իր ասպարէզին մէջ ուշ սկսած է փայլիլ, մինչեւ իսկ միանալով Գերմանիոյ ազգային խումբին:

Նախորդը

Տանի Օլմօ Համաձայնեցաւ Պարսելոնայի Հետ

Յաջորդը

Լոթար Մաթէոս Կը Կարծէ, Թէ Լեւերքուզըն Կը Մնայ Թիւ 1 Թեկնածուն

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.