Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա առաջնահերթութիւն տուած է Նիքօ Ուիլիամսը ձեռք բերելու Աթլեթիքօ Պիլպաոյէն եւ անձամբ կը վարէ ֆութպոլին հետ բանակցութիւնները, մարզական տնօրէն Տեքոյի ձախողութենէն ետք:
Ըստ սպանական «Սփորթ» կայքին, Լափորթա բանակցութիւններու պիտի սկսի Ուիլիամսի ներկայացուցիչներուն հետ, վերադառնալէ ետք Միացեալ Նահանգներէն, ուր քաթալոնական կազմը բարեկամական մրցաշարքի մասնակցեցաւ եւ կատարեց մարզական հաւաք մը: Պարսելոնայի նախագահը դիմած էր ընկերութեան մը, որ պիտի տրամադրէ 80 միլիոն եւրօ` ձեռք ձգելու Ուիլիամսը: Աւելի կանուխ հաղորդուած է, որ Աթլեթիքոյի եւ Պարսելոնայի հետ բանակցութիւնները հասած են փակուղիի մը: