Աշխարհի թիւ 58 դասուած հայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան, որ նախապէս կը մասնակցէր իբրեւ ռուս, հայկական քաղաքացիութիւն ստանալէ ետք իր առաջին մրցումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած Սինսինաթթիի թենիսի մրցաշարքին` պարտութեան մատնելով ամերիկացի Լորեն Տէյվիսը` 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով:
Մրցումը տեւեց 1 ժամ 23 վայրկեան: Անցեալ շաբաթ հայկական քաղաքացիութիւն ստացած Աւանէսեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի մասնակցի նաեւ կրան շլեմի իր առաջին մրցաշարքին «Եու. Էս. Օփըն»-ի մրցաշարքին, ուր անցեալ տարի 21 տարեկան հայ թենիսվումընը հասած էր Բ. հանգրուան: Ան կրան շլիմի մրցաշարքերուն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է` հասնելով Ռոլան Կարոսի Դ. հանգրուան 2023-ին եւ 2024-ին:


