Ա. Էս. Ռոմայի արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալա անգամ մը եւս մերժեց միանալ Քատիւիյա ակումբին, որ մաս կը կազմէ Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան:
Նախապէս, Ահլի եւ Իթթիհատ մօտ 22 միլիոն եւրոյի առաջարկ մը կատարած էին Տիպալային, որ ընտանեկան պատճառներով կը մերժէ լքել Իտալիան եւ մեկնիլ Ասիա:
Այժմ Քատիսիյա, որ նիւթական հսկայ աջակցութիւն ունի «Արամքօ» վառելանիւթի ընկերութենէն, եւ Մոհամետ Սէուտ ինք անձամբ, կը փորձեն համոզել Տիպալան, 4 տարուան ընթացքին պիտի ստանայ 100 միլիոն եւրօ:
30 տարեկան Տիպալա կ՛ուզէ մնալ Իտալիա` յոյս պահելու համար, որ վերստին մաս կազմէ Արժանթինի ազգային խումբին:
Անցեալ տարեշրջանին Տիպալա մարզիչ Տանիելէ տը Ռոսիի հետ շատ լաւ արդիւնք տուած էր, ուր 39 մրցումներու ընթացքին ան 16 կոլ նշանակած էր եւ 10 էսիսթ կատարած: