Շաբաթ օր, Ուիմպլիի մէջ հետաքրքրական մրցումի մը, անցեալ տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ պայքարեցան շահելու գերբաժակը, բայց մրցումը միայն փենալթիներով վճռուեցաւ:
Սիթի, որմէ կը բացակային Ռոտրի (վիրաւոր), Ֆոտըն, Սթոնզ եւ Ուոքըր, աւելի լաւ սկսաւ Եունայթըտի դէմ, որմէ կը բացակայէին Հոյլունտ, Լիտըլոֆ, Մալասիա, Շօ, Ուան Պիսաքա եւ Եորօ:
Առաջին կիսախաղին Ճէյմս Մաքաթիի զօրաւոր հարուածը զսպեց… Մանչեսթըր Եունայթըտի բերդին սիւնը 24-րդ վայրկեանին:
Եունայթըտ մինչեւ 36-րդ վայրկեան չվտանգեց Էտերսոնի բերդը, երբ Մարքըս Ռաշֆորտ քիչ մնաց կոլ մը նշանակէր, բայց հարուածը քիչ մը շեղեցաւ իր նպատակէն:
44-րդ վայրկեանին Ժերեմի Տոքիւ գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք ոսկի առիթ մը կորսնցուց, երբ իր հարուածը ձախ սիւնէն քիչ մը բարձր անցաւ:
Բ. կիսախաղին Եունայթըտ շատ աւելի լաւ էր, եւ 54-րդ վայրկեանին Լիսանտրօ Մարթինեսի փոխանցումէն օգտուելով Պրունօ Ֆերնանտեզ քառակուսիին դուրսէն հարուածով մը նշանակեց Եունայթըտի եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն ՎԱՐ-ը զայն օֆ-սայթ նկատեց…
75-րդ վայրկեանին, Ալեխանտրօ Կառնոչոյի փոխանցումէն օգտուելով, Մարքըս Ուալֆորտի հարուածը ցնցեց Սիթիի բերդին սիւնը… ՊԷտք է ըսել, որ Կառնաչօ, որ դաշտ ներկայացաւ 59-րդ վայրկեանին, կէս ժամ խաղցաւ, բայց մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր, որ աշխուժացուց Եունայթըտի յառաջապահ գիծը:
80-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Պեռնարտօ Սիլվա` փոխարինելով Ճէյմս Մաքարթին:
2 վայրկեան ետք, Կառնաչօ աջ կողմէն խուժեց քառակուսի եւ նշանակեց Էտերսոնի բերդին մէջ:
7 վայրկեան ետք, Պեռնարտօ Սիլվա օգտուելով Օսքար Պոպպի օդէն փոխանցումէն, գլխու անզսպելի հարուածով մը նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Մրցումը կը հասնէր իր աւարտին, երբ Կուարտիոլա որոշեց փոխարինել Պոպպը եւ Կուարտիոլը Քեւըն Տը Պրունիէով եւ Նաթան Աքէով, որոնք դաշտ ներկայացան փենալթիներ հարուածելու համար:
Նկատի ունենալով, որ երկարաձգում չկար, դիմուեցաւ փենալթիներու: Պրունօ Ֆեռնանտեզ նշանակեց Եունայթըտի փենալթին, մինչ Պեռնարտօ Սիլվա չկրցաւ խաբել Եունայթըտի բերդապահ Անտրէ Օնանան, որ զսպեց հարուածը: Տալոթ (Եունայթըտ), Տը Պրունիէ (Սիթի), Կառնուչօ (Եունայթըտ) եւ Հապանտ (Սիթի) նշանակեցին յաջորդող փենալթիները: Սանչօ իր հարուածը ղրկեց դէպի աջ սիւնը, բայց Սիթիի բերդապահը Էտերսոն զսպեց զայն, եւ գնդակը սիւնին դպնելով դուրս ուղղուեցաւ:
Սաւիօ (Սիթի), Քասեմիրօ (Եունայթըտ), բերդապահ Էտերսոն (Սիթի), Մաթէուս Նունեշ (Սիթի), Լիսանտրօ Մարթինես (Եունայթըտ) եւ Ռուպեն Տիազ (Սիթի) նշանակեցին իրենց փենալթիները:
Եունայթըտի 8-րդ փենալթին հարուածեց Ճոնի Էվընզ, սակայն հարուածը բարձր անցաւ Սիթիի բերդէն… Սիթիի 8-րդ փենալթին կոլի վերածեց Մանուէլ Աքանժի, եւ Սիթի 6 տարի ետք կրցաւ յաղթել եւ շահիլ իր առաջին գերբաժակը: