Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի 33-րդ Ողիմպիական Խաղեր. Փակման Հանդիսութիւնը, Յաջորդին` Լոս Անճելըս

Օգոստոս 13, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի ուշ գիշերին տեղի ունեցաւ 33-րդ Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսութիւնը Փարիզի մէջ, ուր Սեն Տընի դաշտը վերածուեցաւ փառատօնի վայրի:

Սեն Տընիի դաշտին հերոսներէն էր ամերիկացի դերասան Թոմ Քրուզ, որ «Միշըն Իմփոսիպըլ»-ի դերը առած օրէն իջաւ դաշտ, եւ երգչուհի Պիլի Այլիշի հետ Ողիմպիականի պաշտօնը ստանձնեցին: Քրուզ անմիջապէս ձեռնուելէ ետք բեմին վրայ գտնուող աթլեթներուն, Ողիմպիականի դրօշը ստանձնեց Սիմոն Պայլզէն, իր մոթորսիքլեթին ետեւը ամրացուց զայն եւ դուրս եկաւ մարզական աւանէն: Քրուզ անցաւ Էյֆըլ աշտարակէն դէպի օդանաւ մը, ապա սքայ-տայվ կատարեց «Հոլիվուտ Հիլզի»-ի վրայ: Ան 3 օղակներ աւելցուց Հոլիվուտի նշանակին վրայ` զայն վերածելով Ողիմպիականի 5 օղակներուն: Անշուշտ նախապէս նկատուած վիտէօ մըն էր Քրուզի` դաշտէն դուրս գալէն ետք տեսարանը: Ուրեմն պատգամը յստակ է, եւ Լոս Անճելըս, որ 2028-ին պիտի հիւրընկալէ 34-րդ ամառնային Ողիմպիականի խաղերը, կը խոստանայ ըլլալ յաջող մրցաշարք մը, ինչպէս էր պարագան Փարիզին, ուր մօտ երկուքուկէս շաբաթ հետաքրքրական, գեղեցիկ եւ լաւ կազմակերպուած մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ:

Ողիմպիականի նախագահ Թոմաս Պախ նոյնիսկ կատակով «Սեն-սէյշընըլ» բառով գոված էր Փարիզի խաղերը` միեւնոյն ժամանակ Սեն գետը յիշելով, հակառակ անոր որ այդքան ալ մաքուր չէր գետը այս խաղերուն ժամանակ:

Հազարաւոր աթլեթներ պատեցին եւ երգեցին` տօնելով այս անմոռանալի Ողիմպիականին յաջողութիւնը:

Պախ իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս խաղերը խաղաղութիւն չկրցան բերել աշխարհին, սակայն մշակոյթի խաղաղութիւնը կրնայ օգնել հետզհետէ աւելի խաղաղ աշխարհ ունենալու:

Դաշտին տօնակատարութեան մասնակցեցան նաեւ Ռետ Հաթ Չիլլի Փեփըրզ (ռոքի խումբ) ռափի երգիչ Սնուփ Տակ Ողիմպիական օղակներով տափատներ հագած, մինչ Տաքթըր Տրէ Քալիֆորնիոյ ծովեզերքէն կը մասնակցէր, ինչպէս ցոյց տուին դաշտին պաստառները:

Այս բոլորը Քալիֆորնիոյ բնակիչներ են, ինչպէս Հ. Ե. Ր., որ Ամերիկայի քայլերգը երգեց «Սթատ տը Ֆրանս»-ի վրայ, որ ողողուած էր 70 հազար համակիրներով:

Դաշտի հանդիսատեսները յանկարծ բարձրացուցին իրենց ճիչերը, երբ ֆրանսացի լուղորդ Լէոն Մարշան սկիզբը Ողիմպիական ջահը Փարիզի Թոփլըրի Կարտընէն ստանձնած էր եւ դաշտ ներկայանալէ ետք զայն մարեց` յայտարարելով խաղերուն աւարտը:

Ֆրանսացի լուղորդը, որ Ողիմպիականի ամէնէն շատ ոսկի մետալները շահեցաւ, շահած էր պրոնզէ մետալ մը:

Չինացի լուղորդ Եուֆէյ Չիժան 2024-ի Ողիմպիականի ամէնէն շատ մետալները շահեցաւ` ձեռք ձգելով 6 մետալ (1 արծաթ եւ 5 պրոնզ):

Նշենք, որ մետալներու դասաւորման մէջ Միացեալ Նահանգներ 1 կէտի առաւելութեամբ յաղթելէ ետք պասքեթպոլի աղջկանց աւարտական խաղին (Ֆրանսայի դէմ), կրցած էր շահիլ Ողիմպիականի վերջին մետալը, մետալ մը, որուն շնորհիւ ամերիկացիները գերազանցեցին Չինաստանը, որ նոյնքան (40) ոսկի մետալներ շահած էր, սակայն Միացեալ Նահանգներ արծաթէ շատ աւելի մետալներ շահած էին, քան Չինաստան (44-27):

Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականը մետալներ հաւաքած 91 հաւաքականներու 66-րդ դիրքը գրաւած էր` շահելով 3 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալ:

Հայաստանի ըմբշամարտի յունահռոմէական հաւաքականը 5-րդ դիրքը գրաւեց Ողիմպիական խաղերու խմբային դասաւորման մէջ:

Արթուր Ալեքսանեան արծաթէ մետալ շահած էր, իսկ Մալխաս Ամոյեան` պրոնզէ մետալ:

Ծանրաբարձ Գոռ Մինասեան, որ Պահրէյնի դրօշին տակ մասնակցած էր Ողիմպիականին, Փարիզի մէջ Հայաստանի ողիմպիական տունը հանդիպած էր համակիրներուն հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնած ջերմ ընդունելութեան համար:

«Շատ մեծ ոգեւորութեամբ քաջալերած էք մեր բոլոր հայ մարզիկները եւ ներկայ եղած էք բոլոր մրցումներուն: Այդ մեծ դաշտերուն վրայ միշտ ալ կը լսէինք հայերէն կանչեր եւ կը տեսնէինք Եռագոյն դրօշ: Շատ ողջունելի բան է: Երեւանի մէջ Եւրոպայի ախոյեանութենէն ետք այս ամէնէն լաւ տեղն էր, որ լեցուն էր հայերով», ըսաւ Գոռ Մինասեան:

Նշենք, որ Գոռ Մինասեան պրոնզէ մետալ շահած էր շաբաթ օր:

 

Նախորդը

«Կը Ցանկայի Մաս Կազմել Հայաստանի Հաւաքականին» Կ՛ըսէ Վալերի Ծառուկեան

Յաջորդը

Վրաստանը Պատրաստ Է «Վերագործարկելու» Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւները»

RelatedPosts

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան.  Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան. Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըմբշամարտ.    Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Էմ. Էմ. Էյ.  Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց
Մարզական

Էմ. Էմ. Էյ. Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?