Պայերն Միւնիխ այս քանի մը օրերուն հաւանաբար կրնայ ամբողջացնել իր պաշտպաններ Մաթայ Տը Լիէթի եւ Նուսէյր Մաղրաուիի փոխանցումները Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Այս փոխոնացումներէն եկած ընդհանուր շահէն, որ կրնայ հասնիլ մօտ 70 միլիոն եւրոյի, Պայերն կրնայ ձեռք ձգել Ռեննի 19 տարեկան յարձակող միջնապահ Տեզիրէ Տուէն:
Փոխանցման շուրջ արդէն իսկ սկզբնական համաձայնութիւն եղած է: Փարիզ Սեն Ժերմեն իր կարգին կը փորձէ ձեռք ձգել Տուէն, որ Ֆրանսայի Լիկ 1-ի»- խոստմնալից մարզիկներէն մէկն էր անցեալ եղանակին: