Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քոնֆերենս Լիկ». Փիւնիկ Յաղթեց, Արարատ-Արմենիա Պարտուեցաւ

Օգոստոս 10, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի գիշեր, «Քոնֆերենս լիկ»-ի զտումի Գ. հանգրուանին գծով, Ղազախստանի Օրտապասի խումբը հիւրընկալեց Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկը, որ կրցաւ Երեւան վերադառնալ 1-0 յաղթանակով:

Նիկերիացի Եուսուֆ Օթուպանճօ նշանակեց մրցումին միակ կոլը` 56-րդ վայրկեանին:

Առաջին կիսախաղին մրցակից խումբը աւելի լաւ էր, մինչ Փիւնիկ, որ մրցումէն առաջ կորսնցուցած էր յառաջապահ Սերժ Տեպլէն (վիրաւորուած), 13-րդ վայրկեանին կորսնցուց նաեւ պրազիլցի յառաջապահ Լուքաս Վիլլելան, որ իր կարգին վիրաւորուեցաւ: Վիլլելան փոխարինած Դաւիթ Դաւիթեան փոխանցումը կատարեց Փիւնիկի միակ կոլին: Քանի մը օր ետք Փիւնիկ պիտի հիւրընկալէ Օրտապասին, եւ գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան դժուար մրցում մը կը սպասէ բաւական կազմակերպուած մրցակիցէն:

Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ, Արարատ-Արմենիա 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց հունգարական Փուշքաշ ակադեմիա խումբէն:

Արարատի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան յայտնեց, թէ «առնուազն պէտք է հաւասարութեամբ աւարտէր մրցումը, եթէ մրցումը այլ ձեւով ընթանար»: Ան աւելցուց. «Ասիկա ֆութպոլ է, այս մակարդակի մրցումներուն պզտիկ սխալներ սուղի կը նային: Մրցումի երկրորդ կիսախաղի մեր մակարդակը յոյս կը ներշնչէ մեզի, որ կարելիութիւն ունինք անցնելու յաջորդ հանգրուան»:

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Այսօր Ո՛վ Կը Խօսի Սեւրի Դաշնագիրին Մասին. Ժխտե՞լ, Թէ՞ Անգիտանալ Զայն (104-Ամեակ)

Յաջորդը

Լափորթա Անձամբ Կը Զբաղի Նիքօ Ուիլիամսի Բանակցութիւններով

RelatedPosts

Ծանրաբարձութիւն.  Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Ախոյեան  Նարեկ Գրիգորեան` Փոխախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Տիգրան Կարապետեան` Եւրոպայի Ախոյեան Նարեկ Գրիգորեան` Փոխախոյեան

Նոյեմբեր 1, 2025
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` «Լոնտոնի Տերպին» Թոթենհամ – Չելսի
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` «Լոնտոնի Տերպին» Թոթենհամ – Չելսի

Նոյեմբեր 1, 2025
«Մեսսի Կ՛ուզէր Սէուտական Արաբիա Գալ  Բայց Մերժեցի»  Կ՛ըսէ Ապտուլլա Համատ
Մարզական

«Մեսսի Կ՛ուզէր Սէուտական Արաբիա Գալ Բայց Մերժեցի» Կ՛ըսէ Ապտուլլա Համատ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?