Տէյր Հարֆի ակումբին կողմէ կազմակերպուած էր ճատրակի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ Անթիլիաի ճատրակի անդամները` տարիքային մասնակցութեամբ:
12 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, առաջին երկու դիրքերը գրաւեցին Նայիրի Նիւրփենտեան եւ Սօսէ Սեփէթճեան:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի խումբէն Մարք Մարտիքեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Վանաձորի մէջ (Հայաստան) տեղի ունեցած «Վանաձոր Օփըն» ճատրակի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ 1-էն 7 օգոստոս: Ութ տարբեր երկիրներէն ճատրակի մարզիկներ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս մրցաշարքին:
Մարք Մարտիքեան մրցաշարքի աւարտին գրաւեց 5-րդ դիրքը: Մարքին եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ: