Մարզական

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր.  Արթուր Ալեքսանեան` Արծաթ Մետալակիր  Մալխաս Ամոյեան` Պրոնզ Մետալակիր  Լեթիսիա Աուն Պրոնզ Մետալի Մրցումի Հասաւ

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Արթուր Ալեքսանեան` Արծաթ Մետալակիր Մալխաս Ամոյեան` Պրոնզ Մետալակիր Լեթիսիա Աուն Պրոնզ Մետալի Մրցումի Հասաւ

Փարիզի Ողիմպիական խաղերը կը շարունակուին եւ ըմբշամարտի մրցումները հասած են իրենց վերջին հանգրուաններուն: Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, 4 անգամ աշխարհի ախոյեան, 7 անգամ Եւրոպայի ախոյեան եւ նախապէս Ողիմպիականի ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան ոսկի մը եւս աւելցնելու յոյսեր ունէր, սակայն ան պարտութիւն կրելով իր իրանցի մրցակից Մոհամետ Հատի Սարաւիէն (4-1), կրցաւ արծաթ մետալ մը աւելցնել իր մետալներու կողքին: Ալեքսանեան,...

Ռէալ Մատրիտի Խումբը Ամբողջացաւ

Ռէալ Մատրիտի Խումբը Ամբողջացաւ

Ռէալ Մատրիտ ակումբի մարզիկները վերջապէս ամբողջութեամբ միացան եւ երէկ մասնակցեցան առաջին փորձին: Արդարեւ, ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ երէկ կատարեց իր առաջին փորձը «Լէ Մերինկէ»-ին հետ: Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եուրոյէն ետք, ակումբի փորձերուն միացած են նաեւ Տանիել Քարվախալ, Ճուտ Պելինկհամ, Օրելիեն Չուամենի, Էտուարտօ Քամավինկա եւ Ֆերլան Մենտի: Նշենք, որ 3 յունիսին Էմպափէ պաշտօնապէս դարձած էր Ռէալ Մատրիտի մարզիկ: Ապա մամլոյ...

Պայեր Լեւերքուզըն Կը Պատրաստուի «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

Պայեր Լեւերքուզըն Կը Պատրաստուի «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

Անցեալ տարեշրջանին Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն իր սպանացի մարզիչ Չապի Ալոնսոյի հետ 51 յաջորդական մրցումներ առանց պարտութեան աւարտած էր մրցանիշ հաստատելով: Այս տարեշրջանին մարզիչ Ալոնսօ յաւելեալ ճնշումի տակ կրնայ դրուիլ, մանաւանդ որ շատ բան կը սպասուի իրմէ: Ալոնսոյի խումբը չորեքշաբթի գիշեր Լոնտոնի մէջ բարեկամական մրցում մը կատարեց Անգլիոյ փոխախոյեան Արսենալի դէմ` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Լեւերքուզըն բարձր մակարդակի բերդապահներ...

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր.  Արթուր Ալեքսանեան Հասաւ Աւարտական, Ամոյեան Պիտի Մասնակցի Պրոնզի Մետալի Մրցումին

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Արթուր Ալեքսանեան Հասաւ Աւարտական, Ամոյեան Պիտի Մասնակցի Պրոնզի Մետալի Մրցումին

Փարիզի 2024-ի Ողիմպիականի 33-րդ խաղերու մրցումները շարունակուեցան երէկ, երբ տեղի ունեցան բռնցքամարտի, աթլեթիզմի, ծանրաբարձութեան եւ ըմբշամարտի մրցումներ: Ըմբշամարտի 77 քկ մրցումներուն պրոնզ մետալ համար պիտի մրցին Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան եւ Ուզպեքիստանը ներկայացնող Արամ Վարդանեան: Ամոյեան կիսաւարտականին 3-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր ճափոնցի Նաօ Քուսաքայէն` 3-1 արդիւնքով: Հայաստանի հաւաքականի անդամ Սլաւիկ Գալստեան 67 քկ կշիռի մրցումներուն հասաւ կիսաւարտական,...

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն.  Սերաֆինա Սերոբեան 8-րդ Դիրքը Գրաւեց

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Սերաֆինա Սերոբեան 8-րդ Դիրքը Գրաւեց

Եգիպտոսի մէջ «Փարաւոնի բաժակ 2024» գեղարուեստական մարմնամարզութեան մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 28-30 յուլիս, բոլոր տարիքներու դասակարգերով: Միջազգային մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած այս առաջին կարգի միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 18 երկիրներ, որոնց կարգին, Լիբանան, Հայաստան, Աւստրալիա, Պրազիլ, Պուլկարիա, Կիպրոս, Վրաստան, Հնդկաստան, Մեքսիքօ, Փորթուգալ, Քաթար, Ռումանիա, Սլովենիա, Հարաւային Քորէա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Ուզպեքիստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Եգիպտոս: Լիբանանի միակ ներկայացուցիչն էր...

«Քոնֆերենս Լիկ».  3 Հայկական Ակումբներ Հասան Գ. Հանգրուան

«Քոնֆերենս Լիկ». Նոան Շատ Կարեւոր Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Ա. Է. Ք.-ի Վրայ

Երեքշաբթի գիշեր, «Եու. Է. Էֆ.Ա.»-ի «Քոնֆերենս Լիկ»-ի զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներուն գծով, Հայաստանի Նոան 3-1 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Յունաստանի Ա. Է. Ք. Աթէնքին վրայ: Աբովեանի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, 22-րդ վայրկեանին յունական կազմը բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Թրինիտատի յառաջապահ Լեւփ Կարսիայի: Հազիւ 12 վայրկեան անցած, Նոա, որ սկսած էր ճնշելու, կրցաւ հաւասարութեան կոլը նշանակել` շնորհիւ ֆրանսացի...

Եոնաթան Թահ Կրնայ Միանալ Պայէրնին,  Եթէ…

Եոնաթան Թահ Կրնայ Միանալ Պայէրնին, Եթէ…

Գերմանիոյ ազգային խումբի կեդրոնի յետսապահ Եոնաթան Թահ այս ամառ կրնայ միանալ Պայերն Միւնիխին, մանաւանդ Թահի Պայէր Լեւերքուզընի եւ Պայերն Միւնիխի միջեւ վերջին բանակցութիւններէն ետք: Լեւերքուզըն չի փափաքիր երկարաձգել Թահի պայմանագրութիւնը, որ կ՛աւարտի 2025-ին: Անոր փոխանցման գինը կրնայ հասնիլ մօտ 25 միլիոն Եւրոյի մօտ, մինչ Պայերն նախապէս 18 եւ 20 միլիոնի գումար մը առաջարկած էր Լեւերքուզընին: Այս բոլորը կրնան իրականանալ միայն...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներ Շահեցաւ` Յաղթելով Ազրպէյճանի Թիւ 1-ին

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներ Շահեցաւ` Յաղթելով Ազրպէյճանի Թիւ 1-ին

Հայաստանի ճատրակի վարպետ Հայկ Մարտիրոսեան արագ ճատրակի ախոյեանութեան գրաւեց 2-րդ դիրքը անհատական մրցումներուն 3-րդ խաղատախտակին վրայ` պարտութեան մատնելէ ետք ազրպէյճանցի թիւ 1 դասուած ճատրակ խաղացող Շահրիար Մամետեարովը 2-0 արդիւնքով: Խմբային մրցումներուն Հայկ, որ մաս կը կազմէր «Չես»-ի խումբին, դարձաւ աշխարհի արագ ճատրակի խմբային պրոնզէ մետալակիր: Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Ռիչարտ Ռափորթ, Ալեքսի Սարանա, Վիտիթ Սանտոշ Կուչրաթի, Ճորտըն Վան Ֆորեսթ,...

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր.  Արթուր Ալեքսանեան Եւ Մալխաս Ամոյեան Հասան Կիսաւարտական

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Արթուր Ալեքսանեան Եւ Մալխաս Ամոյեան Հասան Կիսաւարտական

2024-ի Փարիզի 33-րդ Ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն, 97 քկ կշիռի մրցումներուն, 2016-ի Ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան երկու մրցումներ յաղթելէ ետք հասաւ կիսաւարտական: Արթուր Ալեքսանեանի առաջին մրցակիցը հարաւային քորէացի Սինճուն Քիմն էր, իսկ երկրորդ մրցակիցը` ռումանացի Ալեքսու Չիուրարիուն: Արթուր Ալեքսանեան 8-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրելով հասաւ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի քուպացի Կապրիել Ռուսիլոյի դէմ: Անցեալ տարի Արթուր...

Պարսելոնայի Մարզիչը Չ՛ուզեր Ձեռք Ձգել Քանթէն

Պարսելոնայի Մարզիչը Չ՛ուզեր Ձեռք Ձգել Քանթէն

Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Հանզի Ֆլիք հաւանութիւն չէ տուած Սէուտական Արաբիոյ Իթթիհատ ակումբի միջնապահ Էնկոլօ Քանթէի Պարսելոնա տեղափոխութեան: Ֆլիք կ՛ուզէ յոյս կապել խումբին երիտասարդ մարզիկներուն հետ եւ մերժած է մարզական տնօրէն Տեքոյի առաջարկը ձեռք ձգելու Քանթէն: Իթթիհատի հետ Քանթէ (33 տարեկան) 44 մրցում կատարած էր` նշանակելով 4 կոլ եւ կատարելով 6 էսիսթ: Ան Ֆրանսայի ազգային խումբին հետ ալ մասնակցած էր Եուրօ...

Եուվենթուս Եւ Նոր Տարեշրջանի Ծրագիր

Եուվենթուս Եւ Նոր Տարեշրջանի Ծրագիր

Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի «Սերի Ա.»-ի ամէնէն շատ տիտղոս շահած (36 անգամ Իտալիոյ ախոյեան) Եուվենթուս այս ամառ մեծ փոփոխութիւններ կրելէ ետք նոր ծրագիրի մշակման շրջանի մէջ է: Խումբը ունի նոր գլխաւոր մարզիչ` Թիակօ Մոթթան, որ կը պատրաստուի ամբողջովին նոր խաղաոճ որդեգրելու Եուվէի հետ: Տուկլաս Լուիս (Պրազիլ) Ասթոն Վիլայէն միացաւ 51,5 միլիոն եւրոյի դիմաց, Խեֆրեն Թիւրամ (Ֆրանսա) Նիսէն միացաւ 20,5 միլիոն եւրոյի...

Էմպափէ Եւ Պելինկհամ Պիտի Մասնակցին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Գերբաժակին

Էմպափէ Եւ Պելինկհամ Պիտի Մասնակցին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Գերբաժակին

Մատրիտի Ռէալ խումբի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք «Լոս Պլանքոս»-ի մարզիկներ Քիլիան Էմպափէ եւ Ճուտ Պելինկհամ պիտի կարենա՞ն մասնակցիլ Աթալանթայի դէմ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 14 օգոստոսին, ան ըսած է. «Յստակ է, որ Էմպափէն կրնայ խաղալ: Նոյնն է պարագան Պելինկհամի: Անոնք պատրաստ են»: Ֆրանսայի յառաջապահը քիթը կոտրած էր Եւրոպայի ախոյեանութեան...

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք 4-1

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Անարդար Պարտութիւն Մը Կրեց

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը շաբաթ օր Պհամտունի դաշտին վրայ բաւական բարելաւուած մրցումէ մը ետք 2-1 արդիւնքով անարդար պարտութիւն մը կրեց Շիյահէն: Պարտութիւնը անարդար էր այն հիմամբ, որ մրցակից խումբի կարգ մը մարզիկներ կարծէք ՀՄԸՄ-ի տղոց տկար կէտը գիտէին եւ անարգելով իրենց մօր եւ քրոջ կ՛ուզէին կարմիր քարտի մը պատճառ դառնալ` օգտուելու թիւի առաւելութենէն: Ինչ կը վերաբերի մրցումին, 3-րդ վայրկեանէն...

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Արթուր Դաւիթեան` Արծաթէ Մետալակիր. Ճոքովիչ` Ոսկի Մետալակիր

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Արթուր Դաւիթեան` Արծաթէ Մետալակիր. Ճոքովիչ` Ոսկի Մետալակիր

Շաբաթավերջին եւ երէկ շարունակուեցան Փարիզի 33-րդ Ողիմպիական խաղերը: Հայաստանի Ողիմպիականի հաւաքականի անդամ, մարմնամարզիկ Արթուր Դաւիթեան դարձաւ Փարիզի 2024-ի արծաթէ մետալակիր: Փարիզի «Պերսի Արենա»-ին մէջ տեղի ունեցած մարմնամարզի մրցումներուն, յենացատկի մետալներու համար մրցեցան մարզիկները, ուր Արթուր Դաւիթեան 14.966 կէտ հաւաքելով նուաճեց արծաթէ մետալը: Առաջին դիրքը գրաւեց Քարլսոն Եուլօ (Ֆիլիփեան կղզիներ)` 15.116 կէտով շահելով ոսկի մետալ, մինչ Հարի Հեփուըրթ (Բրիտանիա) ձեռք ձգեց...

Թենիս.  Էլինա Աւանէսեան Հայաստանի Դրօշին Տակ Պիտի Ներկայանայ

Թենիս. Էլինա Աւանէսեան Հայաստանի Դրօշին Տակ Պիտի Ներկայանայ

Ռուսահայ թենիսվումըն Էլինա Աւանէսեան արդէն իսկ ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ յաջորդ մրցաշարքէն սկսեալ պիտի ներկայանայ Հայաստանի դրօշին ներքեւ: Ան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի ունենալիք «Եու. Էս. Օփըն»-ի մրցաշարքին, որ այս տարուան 4-րդ կրան շլեմի մրցաշարքն է: Աւանէսեան, որուն ընտանիքը 1992-ին լքած էր Արցախը պատերազմին եւ ուղղուած Փիաթիկորսք, կը ներկայացնէր Ռուսիան, բայց այսուհետեւ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը եւ անցեալ...

Ֆիւլքրուկ Միացաւ Ուեսթ Համի

Ֆիւլքրուկ Միացաւ Ուեսթ Համի

Մեծ շահով մը, Տորթմունտ Ֆիւլքրուկը «ծախեց» «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբերէն Ուեսթ Համին: Անակնկալ եւ շատ արագ որոշումով մը, Գերմանիոյ ազգային խումբի յառաջապահ Նիքլաս Ֆիւլքրուկ լքեց Տորթմունտը եւ միացաւ Ուեսթ Համին: 31 տարեկան յառաջապահը, որ անցեալ տարեշրջանին միացած էր Տորթմունտին, ուրբաթ օր կարճ խորհրդակցութիւններէ ետք երկուշաբթի օր (երէկ) հասաւ Անգլիա եւ 4 տարուան համար պիտի միանայ, 27 միլիոն եւրոյի փոխարէն, առաւել 5...

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Տապըլ Քիք 4-1

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Այսօր` Շիյահ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Պհամտունի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երիտասարդներու խումբը պիտի մրցի Շիյահի խումբին դէմ, 20 տարեկանէն վար Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին գծով: Երթին, 2 շաբաթ առաջ ՀՄԸՄ-ի կազմը 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, եւ այժմ մրցակից խումբի մասին բաւական տեղեկութիւններ ունին մեր տղաքը: Սակայն ամէն բանէ առաջ կարեւորը յաղթանակ արձանագրելու եւ պայքարի կամքով դաշտ ներկայանալն է:...

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր.  Դաւիթ Չալոյեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Դաւիթ Չալոյեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Այսօր կը շարունակուին Փարիզի Ողիմպիական խաղերը, եւ բռնցքամարտի մրցումներուն, հայազգի Դաւիթ Չալոյեան քառորդ աւարտականի գծով պիտի մրցի սպանացի Այյուպ Ղատֆայի դէմ: Ծանր կշիռքի մրցումներուն, 26 տարեկան Չալոյեան 3-2 արդիւնքով յաղթած էր բրիտանացի Տելիշըս Օրիի, մինչ Այյուպ նոյն արդիւնքով դուրս ձգած էր Ղազախստանի Քամշիպեք Քունքապայեւը: Թենիսի մրցումներուն, շատ հետաքրքրական մրցումի մը, սերպ Նովաք Ճոքովիչ հինգշաբթի գիշեր 2 ժամ տեւած մրցումէ ետք...

«Քոնֆերենս Լիկ».  3 Հայկական Ակումբներ Հասան Գ. Հանգրուան

«Քոնֆերենս Լիկ». 3 Հայկական Ակումբներ Հասան Գ. Հանգրուան

Հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի Բ. հանգրուանի զտումի մրցումներու դարձի ելոյթները, որոնց աւարտին երեք հայկական ակումբներ հասան Գ. հանգրուան: Արարատ Արմենիա Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մոլտովայի Զիմպրու Քիշինեւը եւ 3-1 արդիւնքով յաղթեց: Նիկերիացի յառաջապահ Թենթոն Եննէ, Արթուր Սերոբեան եւ քոլոմպիացի Ճոնաթըն Տուարթէ նշանակեցին Արարատի 3 կոլերը: Երթին մրցակիցի դաշտին վրայ ալ 3-0 արդիւնքով...

Մարմնամարզութիւն.  Սիմոն Պայլզ Կը Շարունակէ Ոսկի Մետալներ Շահիլ

Մարմնամարզութիւն. Սիմոն Պայլզ Կը Շարունակէ Ոսկի Մետալներ Շահիլ

Ամերիկացի մարմնամարզիկ Սիմոն Պայլզ 3 տարի առաջ քաշուած էր Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերէն` հոգեկան առողջական պատճառներով, եւ շատեր կը կարծէին, թէ ան պիտի չվերադառնայ: Հինգշաբթի օր ան Փարիզի Ողիմպիական խաղերու իր 2-րդ ոսկի մետալը շահեցաւ` իր ոսկի մետալներու թիւը հասցնելով 6-ի, դառնալով պատմութեան ամէնէն շատ ոսկի մետալ շահող մարմնամարզիկը` Ողիմպիական խաղերու գծով: Պայլզ 2016-ի Ռիօ տը Ժանէյրոյի Ողիմպիական խաղերուն 4 ոսկի...

Page 191 of 1281 1 … 190 191 192 … 1,281

Արխիւներ