Տանի Օլմօ, որ Սպանիոյ ազգային խումբին հետ փայլեցաւ 2024-ի Եուրոյին, մանաւանդ փոխարինելէ ետք վիրաւոր Փետրին, համաձայնեցաւ միանալու Պարսելոնայի 62 միլիոն եւրոյի փոխարէն:
Օլմօ, որ 3 կոլեր նշանակեց` կատարելով 2 կոլերու էսիսթ, գերմանական Լայփցիկի հետ էր 2020-էն ի վեր, սկսելէ ետք Խրուաթիոյ Տինամօ Զաղրեպի հետ 16 տարեկանին:
Ան եղած էր Պարսելոնայի ակադեմիայէն, բայց մինչեւ հիմա երբեք «աչքի չէր զարկած» հակառակ անոր որ ան Լայփցիկի հետ շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենար:


