Իտալիոյ Նափոլի ակումբը այս շաբաթ պիտի փորձէ ձեռք ձգել երկու փոխանցումներ:
Պրայթընի միջնապահ Պիլի Կիլմոր եւ Պենֆիքայի յառաջապահ Տաւիտ Ներեշ պիտի ըլլան այս շաբթուան նպատակները, եւ լուրջ ժողովներ տեղի կ՛ունենան իրականացնելու այդ փոխանցումները:
Նախապէս փորձ մը կատարած Նափոլի այս շաբաթ պիտի փորձէ աւելի բարձրացնել փոխանցումներու սակը, որ կարենայ համոզել Պրայթընը եւ Պենֆիքան:
Անկախ այս փոխանցումներէն, Նափոլի տակաւին կ՛աշխատի ձեռք ձգել Չելսիի պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքոյի փոխանցումը:
Չելսի կ՛ուզէ փոխանակել Նափոլիի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմենը` Լուքաքոյի հետ, բան մը, որուն շատ համաձայն չէ Նափոլին, որ 100 միլիոն եւրոյէն աւելի կը պահանջէ Օսիմենի իբրեւ փոխանցումի արժէք:
Չելսի կ՛ուզէ փոխ առնել Օսիմենը` հսկայ գումար չվճարելու համար: