Վաղը, Լեռնալիբանանի երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Նըժմեթ Սահրայի դէմ, ժամը 12:30-ին, Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ բաւական բացականերով պիտի մրցի` նկատի ունենալով, որ անցեալ մրցումին Կարօտ Պետիրեան կարմիր քարտ ստացած էր, իսկ մրցումի աւարտին պատահած էր փոքր միջադէպ մը, որուն լոյսին տակ ֆետերասիոնը 4 մրցումով կախակայեց Մայք Մարսովանեանը, Էլիօ Գազեզեանը եւ Արամ Ճեմիզեանը: Կան տղաք, որոնք բանակումի ելած են, մինչ ուրիշներ ուսումնական քննութիւններու մէջ կը գտնուին:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի այս վիճակէն կրնայ օգտուիլ մրցակից Նըժմեթ Սահրան, որ ամբողջովին տարբեր մթնոլորտի մէջ կը գտնուի, առաջին 3 մրցումներուն պարտուելէ ետք կրցած է իր յաջորդ 4 մրցումներուն 3-ը յաղթել եւ 1 մրցում ալ հաւասար աւարտել: