Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.»  Սանզի Յաղթանակը «Խանգարեց» Քլիփըրզի Դաշտի Բացումը

«Էն. Պի. Էյ.» Սանզի Յաղթանակը «Խանգարեց» Քլիփըրզի Դաշտի Բացումը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ իր նոր կառուցուած դաշտին վրայ առաջին մրցումը կատարեց «Ինթուիթ Տոմ»-ի մէջ` Ինկըլվուտի շրջանը, բայց չկրցաւ դիմանալ Ֆինիքս Սանզին դիմաց, որ յետ երկարաձգման կրցաւ յաղթանակով աւարտել մրցումը 116-113 արդիւնքով: Մրցումը վերջ գտաւ 103-103 արդիւնքով, բայց Քլիփըրզի սենթըր Իվիցա Զուպացի (Խրուաթիա) բացակայութիւնը վերջին 2 վայրկեաններուն (ֆաուլերէ ետք դուրս եկաւ դաշտէն) ծանր ազդեց Քլիփըրզի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ռէալ Մատրիտի «Քամպեք»-ը Եւ Եուվէի Պարտութիւնը

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտի «Քամպեք»-ը Եւ Եուվէի Պարտութիւնը

Անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ յաջողեցաւ 15-րդ յաջորդական մրցումը անյաղթ մնալ «Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին եւ կիսախաղին 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցաւ 5 կոլ նշանակել Բ. կիսախաղին` անցեալ տարուան աւարտականի մրցակից Տորթմունտի դէմ: Տորթմունտ շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, եւ 30-րդ վայրկեանին Տոնիել Մալեն օգտուելով Սերհու Կիրասիի փոխանցումէն, նշանակեց Ռէալի բերդին մէջ` բանալով մրցումին...

Ըմբշամարտ.  Հայկ Խլոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Հայկ Խլոյեան` Աշխարհի Ախոյեան

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ կը շարունակուի աշխարհի երիտասարդներու (23 տարեկանէն վար) ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը: 97 քկ կշիռի աշխարհի ախոյեան դարձաւ Հայաստանի ըմբիշ Հայկ Խլոյեան, որ աւարտականին պարտութեան մատնեց ռուս մրցակից Ապուպաքար Խասլախանովը` 11-6 արդիւնքով: Կիսաւարտականին Հայկ պարտութեան մատնած էր այլ ռուս մը` Մակոմետ Ապտուլայեւիչ Մուրթազալիեւը: 72 քկ կշիռի մրցումներուն, Շանթ Խաչատրեան 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք վրացի Ճիորճի Չխիքվածէէն դարձաւ...

«Էն. Պի. Էյ.» Ախոյեան Սելթիքս Մեծ Յաղթանակով Սկսաւ. Լէյքըրզի Մրցանիշները

«Էն. Պի. Էյ.» Ախոյեան Սելթիքս Մեծ Յաղթանակով Սկսաւ. Լէյքըրզի Մրցանիշները

Երէկ առաւօտեան ժամերուն սկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեանութիւնը, եւ ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս իր 18-րդ տիտղոսը շահելէ ետք մեծ յաղթանակով սկսաւ տարեշրջանը` 132-109 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նիւ Եորք Նիքսին: Սելթիքս 29 հատ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` հաւասարելով Միլուոքի Պաքսի 2020-ի մրցանիշին: Սելթիքս մօտ 48 տոկոսով յաջողութեամբ նշանակեց 3 կէտեր մրցումի մը, ուր Ճէյսըն Թէյթըմ 37 կէտ նշանակեց: Տերեք Ուայթ 24 կէտ...

Մեսսի` «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Հոկտեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Մեսսի` «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Հոկտեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստ

Ինթեր Մայեմիի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի ընտրուեցաւ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի հոկտեմբեր ամսուան լաւագոյն մարզիկը: 37 տարեկան յառաջապահը հոկտեմբերին մասնակցեցաւ 3 հանդիպումներու` նշանակելով 5 կոլ եւ կատարելով 1 էսիսթ: Մեսսի այս տարեշրջանին մասնակցած է 19 հանդիպումներու` նշանակելով 20 կոլ եւ կատարելով 10 կոլի փոխանցում (էսիսթ): Արժանթինցի աստղին պայմանագիրը կ՛աւարտի 2025-ի դեկտեմբերին, Ինթեր Մայեմիի հետ, մինչ «Թրանսֆերմարքեթ»-ի կայքին համեմատ փոխանցումի իր արժէքը...

Էվրա. «Թերեւս Կանուխ Լքեցինք»

Էվրա. «Թերեւս Կանուխ Լքեցինք»

Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին ձախ յետսապահ Փարիս Էվրա վերջերս խօսած է «Կարմիր սատանաներ»-ու իր եւ նոր սերունդի ֆութպոլիստներու միջեւ եղած տարբերութեան մասին: «Միշտ դժուար է խօսիլ Մանչեսթըր Եունայթըտի ներկայ վիճակին մասին, քանի որ մենք առաջ կը խաղայինք համակիրներուն, ակումբի նշանին եւ պատմութեան համար: Այսօր մարզիկները աստիճանաբար կորսնցուցած են այդ արժէքները: Ես այդ պատճառով ինքզինքս եւ սըր Ալեքս Ֆերկըսընը կը մեղադրեմ, որովհետեւ...

Տէր Զաքարեան Պաշտօնանկ Եղաւ

Տէր Զաքարեան Պաշտօնանկ Եղաւ

Մոնփելիէի մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեան պաշտօնանկ եղաւ, երբ իր խումբը 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Մարսէյէն: 2012-ի Ֆրանսայի ախոյեան Մոնփելիէ այժմ վերջին դիրքը կը գրաւէ «Լիկ 1»-ի 8 մրցումներէն 6-ը պարտութեամբ աւարտելէ ետք: «Այսօր զգացի, որ ստիպուած էի այս որոշումը տալ», ըսաւ Մոնփելիէի նախագահ Լորան Նիքոլէն` կիրակի գիշերուան մրցումէն ետք: «Հանդերձարանին մէջ մրցումէն ետք խօսեցանք իրարու հետ: Իրեն ըսի, որ...

Ըմբշամարտ.  Շանթ Խաչատրեան Եւ Հայկ Խլոյեան` Յաղթական

Ըմբշամարտ. Շանթ Խաչատրեան Եւ Հայկ Խլոյեան` Յաղթական

Երէկ Թիրանայի մէջ (Ալպանիա) շարունակուեցաւ ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի ներկայացուցիչ Շանթ Խաչատրեան 72 քկ կշիռի մրցումներուն հասաւ աւարտական, յաղթելէ ետք իր շուէտացի մրցակիցին` 9-0 արդիւնքով: Հայկ Խլոյեան, 92 քկ կշիռի մրցումներուն, պարտութեան մատնելէ ետք իր ռուս մրցակիցը, հասաւ աւարտական: 63 քկ կշիռի մրցումներուն Արման Վարդանեան իր կարգին հասաւ կիսաւարտական եւ պիտի մրցի Մոլտովայի Վիթալի Էտիեմենկոյի դէմ: 130...

Սփերձեան. «Կրասնոտար Պիտի Մնամ…»

Սփերձեան. «Կրասնոտար Պիտի Մնամ…»

Կրասնոտար ակումբի խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կը նախընտրէ մնալ Կրասնոտար, քան տեղափոխուիլ Զենիթ: «Ամէն մէկը իր դիրքորոշումը ունի: Կան մարդիկ, որոնք չեն ցանկար տեղափոխուիլ Զենիթ: Օրինակ` ես ինքս չեմ փափաքիր: Կրասնոտարի մէջ շատ հանգիստ եմ: Եթէ Եւրոպայի մասին պիտի խօսինք, այդ պահուն տարբեր բան է: Ռուսիոյ մէջ ինծի համար նախ Կրասնոտարն է: Նիքիթա Քրիվցովը ճիշդ ըսաւ,...

Չաւի Կրնայ Մարզել Քաթարի Ազգային Խումբը

Չաւի Կրնայ Մարզել Քաթարի Ազգային Խումբը

Ըստ Քաթարի «Ռայա»-ին, Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Չաւի Հեռնանտես այժմ Տոհա կը գտնուի` տեսակցելու Քաթարի ազգային խումբի մարզական ղեկավարներուն հետ: Չաւի 2015-ին լքելէ ետք Պարսելոնան միացած էր Քաթարի Սատտ խումբին, ուր խաղցած էր մինչեւ 2019` կատարելով 82 մրցում եւ նշանակելով 20 կոլ: Ապա 2019-ին սկսաւ մարզել Սատտը` մինչեւ 2021, այնուհետեւ վերադարձած էր Պարսելոնա` իբրեւ մարզիչ: Ան փոխարինած էր Ռոնալտ Քումանը: Այս...

Ռիվալտօ Կը Նախատեսէ Պարսելոնայի Յաղթանակը` «Քլասիքօ»-Ին

Ռիվալտօ Կը Նախատեսէ Պարսելոնայի Յաղթանակը` «Քլասիքօ»-Ին

Յառաջիկայ շաբաթ օր Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ն տեղի պիտի ունենայ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ: Պարսելոնայի պրազիլցի նախկին պատմական մարզիկներէն միջնապահ Ռիվալտօ իր կարծիքը տուած է «Քլասիքօ»-ին վերաբերեալ: «Կը կարծեմ, որ Պարսելոնա կը յաղթէ 2-1 արդիւնքով», ըսած է Ռիվալտօ` «Սփորթ» կայքին հետ կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ռիվալտօ 1997-էն 2002 Պարսելոնայի հետ լաւ օրեր ունեցած է: Նշենք, որ «Քլասիքօ»-ն տեղի կ՛ունենայ ժամը...

Գէորգի Սուտաքով Կրնայ Տեղափոխուիլ Չելսի

Գէորգի Սուտաքով Կրնայ Տեղափոխուիլ Չելսի

«Տէյլի Էքսփրէս»-ի համաձայն, Շախթիոր Տոնեցքի միջնապահ Գէորգի Սուտաքով կրնայ տեղափոխուիլ Չելսի: Ըստ աղբիւրին, ուքրանացի Սուտաքով գրաւած է լոնտոնեան ակումբի ուշադրութիւնը: Չելսի պատրաստ է 78 միլիոն եւրօ առաջարկել 22 տարեկան Սուտաքովի փոխանցումին համար: Նշենք, որ Չելսի այժմ ունի ուքրանացի մը` ծայրի յառաջապահ Միհայլօ Մուտրիքը: Մուտրիք 2023-ին միացած էր Չելսիի` յունուարին Շախթիոր Տոնեցքէն փոխանցուելով 70 միլիոն եւրոյի փոխարէն: Սուտաքով ախոյեանութեան ընթացքին Շախթիորի...

Ճիունթոլի. «Փոկպան  Մեր Ծրագիրներուն Մէջ Չէ»

Ճիունթոլի. «Փոկպան Մեր Ծրագիրներուն Մէջ Չէ»

Եուվենթուսի թեքնիք տնօրէն Քրիսթիանօ Ճիունթոլի հաստատեց, որ 31 տարեկան միջնապահ Փոլ Փոկպա պիտի լքէ ակումբը: «Փոկպան հիանալի ֆութպոլիստ էր, բայց այժմ մենք ունինք այլ ծրագիրներ: Մենք տարբեր խաղցողներու համար ներդրումներ կատարած ենք, եւ այժմ մեր խումբը ամբողջովին համալրուած է», կ՛ըսէ Ճիունթոլի: Փոկպա, որ մինչեւ 2026 պայմանագրութիւն ունէր Եուվէի հետ, խթանիչ դեղեր գործածելու յանցանքով մեղադրուած էր եւ 4 տարիով կախակայուած: Աւելի...

Շելիխով Միացաւ Պիելոռուսիոյ Սլաւիային

Շելիխով Միացաւ Պիելոռուսիոյ Սլաւիային

«Սփութնիք»-ի համաձայն, ուքրանացի բերդապահ Տենիս Շելիխով պայմանագրութիւն կնքեց Պիելոռուսիոյ Սլաւիա ակումբին հետ: Շելիխով լողալով փախուստ տուած է Ուքրանիայէն` երկար ու մանրակրկիտ ծրագրելով իր փախուստը: Ան լողալով կտրած է Թիսա գետը, որ կը հոսի Հունգարիոյ եւ Ռումանիոյ սահմանով, իսկ յետոյ հասած Պիելոռուսիա, ուր միացած է Սլաւիային, իբրեւ ազատ գործակալ: «Ես լաւ գիտեմ Սլաւիայի մարզիչները, որոնք նախապէս եղած են Մինսք, եւ իրենց...

Մոնկոլիոյ Մէջ Տարբեր Ձեւի Մրցանիշ…

Մոնկոլիոյ Մէջ Տարբեր Ձեւի Մրցանիշ…

Մոնկոլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը ընթացքի մէջ է: Ախոյեանութեան աութսայտըր Թուվ Պուկանուուտ խումբը յաջողած է Մոնկոլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին 9 հանգրուաններուն... 111 կոլ ստանալ: Ակումբը կրցած է 2 կոլ նշանակել, մէկը` փենալթիով: Մոնկոլեան ակումբը ցուցադրած է ամէնէն վատ արդիւնքները` բոլոր բարձրագոյն լիկաներու պատմութեան մէջ: Ակումբի լաւագոյն «ձեռքբերումը» 4-0 արդիւնքով պարտութիւնն էր Խանկարիտի դէմ մրցումին, որ նոյնիսկ չկայացաւ` պատճառ դառնալով 4-0 արդիւնքով թեքնիք...

Բռնցքամարտ.  Ռուտոլֆ Կարպոյեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Բռնցքամարտ. Ռուտոլֆ Կարպոյեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Սոֆիայի (Պուլկարիա) մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, Ռուտոլֆ Կարպոյեան 51 քկ կշիռի աւարտականին յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի մրցակիցին դարձաւ ախոյեան: 57 քկ կշիռի Ռուլան Ասլիքեան, 60 քկ կշիռի Արթուր Սահակեան եւ 67 քկ կշիռի Յարութիւն Յակոբկոխեան դարձան Եւրոպայի փոխախոյեաններ: Աւելի կանուխ, Էլիտա Քոչարեան, աղջկանց 60 քկ կշիռի Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր` պարտութեան մատնելով ուքրանացի իր մրցակիցը:  

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց

Կերակուսեան 2 Կոլ Նշանակեց

Անգլիոյ ֆութպոլի երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումներուն, Սանտըրլենտ 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մանչեսթըր Եունայթըտէն: 6-րդ հանգրուանին գծով այս մրցումին, Սանտըրլենտի յառաջապահ Ֆին Կերակուսեան 2 կոլ նշանակեց: Կերակուսեան, որ Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբին ալ մաս կը կազմէ, «Փրեմիեր լիկ»-ի 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գծով մասնակցած է 5 մրցումներու` նշանակելով 3 կոլ: Բաժակի մրցաշարքի գծով ան 2 մրցումներու ընթացքին 2...

Ճատրակ.  Մեծ Վարպետ Արամ Յակոբեան «Փաւլոտար Օփըն»-ի Ախոյեան

Ճատրակ. Մեծ Վարպետ Արամ Յակոբեան «Փաւլոտար Օփըն»-ի Ախոյեան

Մէկ շաբթուան վրայ տեղի ունեցած ճատրակի «Փաւլոտար օփըն» մրցաշարքի ախոյեան դարձաւ հայ մեծ վարպետ Արամ Յակոբեան: Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին մասնակցեցան 96 վարպետներ, որոնց շարքին Հայաստանէն երկու ներկայացուցիչներ Արամ Յակոբեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան: Արամ Յակոբեան 10 հանգրուաններէ ետք ձեռք ձգեց առաւելագոյն 10-էն 8 կէտ եւ գրաւելով առաջին դիրքը շահեցաւ մրցաշարքի տիտղոսը: Մանուէլ Պետրոսեան գրաւեց 11-րդ դիրքը` ձեռք ձգելով...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Տորթմունտ. Վաղը` Պարսելոնա – Պայերն Միւնիխ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Տորթմունտ. Վաղը` Պարսելոնա – Պայերն Միւնիխ

Այսօր տեղի կ՛ունենան «Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանի առաջին օրուան մրցումները, ուր Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Տորթմունտը` անցեալ տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի իր մրցակիցը: Հազիւ 5 ամիս առաջ երկու խումբերը մրցած էին, եւ Ռէալ Մատրիտ յաջողած էր 2-0 արդիւնքով յաղթել` Ուեմպլիի մէջ 74-րդ վայրկեանէն ետք նշանակելով երկու կոլեր: Տորթմունտ երեք անգամ յաջողած է պարտութեան մատնել Ռէալը, բոլորն ալ իր «Սիկնալ Իտունա...

Ըստ Ինցակիի.  Լաութարօ Մարթինես Ոսկի Գնդակի  Լաւագոյն 5-ին Մէջ Կը Գտնուի

Ըստ Ինցակիի. Լաութարօ Մարթինես Ոսկի Գնդակի Լաւագոյն 5-ին Մէջ Կը Գտնուի

Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի լրագրողներու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինես պարզապէս պէտք է շարունակէ ընել այն, ինչ որ ան կատարեց անցեալ տարեշրջանին Ինթերի եւ Արժանթինի ազգային խումբին հետ: Մասնագէտը նշած է, որ Մարթինես այժմ կը նկատուի աշխարհի լաւագոյններէն մէկը: «Կը կարծեմ, որ Լաութարօ այս տարի կ՛ըլլայ «Ոսկի գնդակ»-ի թեկնածուներու լաւագոյն 5-ին մէջ», ըսաւ...

Page 166 of 1275 1 … 165 166 167 … 1,275

Արխիւներ