Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին ձախ յետսապահ Փարիս Էվրա վերջերս խօսած է «Կարմիր սատանաներ»-ու իր եւ նոր սերունդի ֆութպոլիստներու միջեւ եղած տարբերութեան մասին:
«Միշտ դժուար է խօսիլ Մանչեսթըր Եունայթըտի ներկայ վիճակին մասին, քանի որ մենք առաջ կը խաղայինք համակիրներուն, ակումբի նշանին եւ պատմութեան համար: Այսօր մարզիկները աստիճանաբար կորսնցուցած են այդ արժէքները: Ես այդ պատճառով ինքզինքս եւ սըր Ալեքս Ֆերկըսընը կը մեղադրեմ, որովհետեւ մենք շատ կանուխ հեռացանք ֆութպոլէն, իսկ ներկայ ֆութպոլիստներուն համար դժուար կ՛ըլլայ, քանի որ տիպար օրինակ չունին, որմէ պէտք է սորվին», ըսաւ Էվրա «Պի. Պի. Սի.»-ին:
Էվրա Եունայթըտին մաս կազմած էր 2006-էն 2014: Այդ տարիներուն Եունայթըտ 5 անգամ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան դարձած էր:


