«Սփութնիք»-ի համաձայն, ուքրանացի բերդապահ Տենիս Շելիխով պայմանագրութիւն կնքեց Պիելոռուսիոյ Սլաւիա ակումբին հետ:
Շելիխով լողալով փախուստ տուած է Ուքրանիայէն` երկար ու մանրակրկիտ ծրագրելով իր փախուստը: Ան լողալով կտրած է Թիսա գետը, որ կը հոսի Հունգարիոյ եւ Ռումանիոյ սահմանով, իսկ յետոյ հասած Պիելոռուսիա, ուր միացած է Սլաւիային, իբրեւ ազատ գործակալ:
«Ես լաւ գիտեմ Սլաւիայի մարզիչները, որոնք նախապէս եղած են Մինսք, եւ իրենց հետ աշխատած եմ: Շարունակեցինք կապի մէջ մնալ անոնց հետ: Ինծի կանչեցին հոս` առաջարկելով Սլաւիա ակումբին հետ աշխատիլ, եւ ես ուրախութեամբ համաձայնեցայ: Կը փորձեմ, եթէ առողջութիւնս ներէ, մինչեւ վերջ նուիրուիլ ֆութպոլին: Սա իմ կեանքս է, եւ առայժմ ես ինծի ֆութպոլէն դուրս չեմ պատկերացներ», ըսաւ Շելիխով: