Մէկ շաբթուան վրայ տեղի ունեցած ճատրակի «Փաւլոտար օփըն» մրցաշարքի ախոյեան դարձաւ հայ մեծ վարպետ Արամ Յակոբեան:
Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին մասնակցեցան 96 վարպետներ, որոնց շարքին Հայաստանէն երկու ներկայացուցիչներ Արամ Յակոբեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան:
Արամ Յակոբեան 10 հանգրուաններէ ետք ձեռք ձգեց առաւելագոյն 10-էն 8 կէտ եւ գրաւելով առաջին դիրքը շահեցաւ մրցաշարքի տիտղոսը:
Մանուէլ Պետրոսեան գրաւեց 11-րդ դիրքը` ձեռք ձգելով 6,5 կէտ: