 Մոնփելիէի մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեան պաշտօնանկ եղաւ, երբ իր խումբը 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Մարսէյէն:
Մոնփելիէի մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեան պաշտօնանկ եղաւ, երբ իր խումբը 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Մարսէյէն:
2012-ի Ֆրանսայի ախոյեան Մոնփելիէ այժմ վերջին դիրքը կը գրաւէ «Լիկ 1»-ի 8 մրցումներէն 6-ը պարտութեամբ աւարտելէ ետք:
«Այսօր զգացի, որ ստիպուած էի այս որոշումը տալ», ըսաւ Մոնփելիէի նախագահ Լորան Նիքոլէն` կիրակի գիշերուան մրցումէն ետք:
«Հանդերձարանին մէջ մրցումէն ետք խօսեցանք իրարու հետ: Իրեն ըսի, որ այս գիշեր ամէն բան աւարտած է: Գացի տեսնելու մարզիկները եւ իրենց յայտնելու, թէ շնորհիւ իրենց լաւ ֆութպոլին, մարզիչը վտարուած է եւ իրենք զիրենք պատասխանատու պէտք է զգան յաջորդ մրցումին` Թուլուզի դէմ»:
Տէր Զաքարեան, որ Հայաստանի ազգային խումբին հետ ալ ելոյթներ ունեցած է 90-ականներու կէսերուն, սիրուած անձնաւորութիւն մըն է հարաւային Ֆրանսայի մէջ, ուր «Տէր Զաք» անունով ճանչցուած է համակիրներուն կողմէ:
Տէր Զաքարեան, որ փոքր տարիքէն փոխադրուած էր Ֆրանսա, իր մանկութիւնը ապրած էր Մարսէյի մէջ:
1979-ին ան միացած էր Նանթի, ուր մնացած էր 9 տարեշրջան, ապա փոխադրուած Մոնփելիէ եւ Լորան Պլանի մեկնումէն ետք դարձած էր ակումբին խմբապետը: 35 տարեկանին լքեց ֆութպոլը եւ միացաւ Մոնփելիէի մարզիչներու խմբակին: 2006-ին միացաւ Նանթի պահեստի խումբին, ապա 1 տարեշրջան (2007-2008) եղաւ Նանթի հիմնական մարզիչ:
2009-էն 2012 մարզեց Քլերմոն ակումբը, ապա Նանթ (2012-2016), Ռենս (2016-2017), Մոնփելիէ (2017-2021), Պրեսթ (2021-2022) եւ վերադարձաւ Մոնփելիէ 2023-ին:
Ան Նանթի հետ 1982-1983 տարեշրջանին Ֆրանսայի ախոյեան դարձած է, իսկ նոյն տարին փոխախոյեան բաժակի մրցաշարքին:
Մոնփելիէի հետ շահած է նաեւ Ֆրանսայի բաժակը, 1989-1990 տարեշրջանին, եւ «Քուփ տը լա լիկ»-ը` 1991-1992 տարեշրջանին:
Հայաստանի ազգային խումբին հետ ան 1996-էն 1997 կատարած է 5 մրցում:
 
			

