Եուվենթուսի թեքնիք տնօրէն Քրիսթիանօ Ճիունթոլի հաստատեց, որ 31 տարեկան միջնապահ Փոլ Փոկպա պիտի լքէ ակումբը:
«Փոկպան հիանալի ֆութպոլիստ էր, բայց այժմ մենք ունինք այլ ծրագիրներ: Մենք տարբեր խաղցողներու համար ներդրումներ կատարած ենք, եւ այժմ մեր խումբը ամբողջովին համալրուած է», կ՛ըսէ Ճիունթոլի:
Փոկպա, որ մինչեւ 2026 պայմանագրութիւն ունէր Եուվէի հետ, խթանիչ դեղեր գործածելու յանցանքով մեղադրուած էր եւ 4 տարիով կախակայուած: Աւելի ուշ անոր պատիժի ժամանակամիջոցը մեղմացուած էր 18 ամիսով: Ան պաշտօնապէս կրնայ վերադառնալ մարտ 2025-ին: Անցեալ շաբաթ ան յայտնած էր, թէ կրնայ մաս կազմել Եուվէին, բան մը, որ զայրացուցած էր Եուվէի պատասխանատուները: