Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ կը շարունակուի աշխարհի երիտասարդներու (23 տարեկանէն վար) ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը:
97 քկ կշիռի աշխարհի ախոյեան դարձաւ Հայաստանի ըմբիշ Հայկ Խլոյեան, որ աւարտականին պարտութեան մատնեց ռուս մրցակից Ապուպաքար Խասլախանովը` 11-6 արդիւնքով:
Կիսաւարտականին Հայկ պարտութեան մատնած էր այլ ռուս մը` Մակոմետ Ապտուլայեւիչ Մուրթազալիեւը:
72 քկ կշիռի մրցումներուն, Շանթ Խաչատրեան 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք վրացի Ճիորճի Չխիքվածէէն դարձաւ աշխարհի փոխախոյեան: Կիսաւարտականին, Շանթ Խաչատրեան յաղթած էր Ճիորճիոս Միհալիս Պարպանոսին (Շուէտ)` 9-0 արդիւնքով:
63 քկ կշիռի մրցումներուն, Արման Վարդանեան հասաւ պրոնզէ մետալի մրցումին: Վարդանեան կիսաւարտականին 14-5 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր մոլտովացի Վիթալի Էրիոմենքոյէն:
130 քկ կշիռի մրցումներուն, Ալպերթ Վարդանեան հասաւ պրոնզէ մետալի մրցումին: Ան կիսաւարտականին պարտութիւն կրած էր ռուս Տիմիթրի Պապորիքիէն` 1-9 արդիւնքով:
Նշենք, որ 60 քկ կշիռի մրցումներուն, Սուրէն Աղաճանեան, որ թուրք Մերթ Իլպարշին յաղթած էր 9-0 արդիւնքով, քառորդ աւարտականին պարտութիւն մը կրած էր ռուս Տինիսլամ Պամմաթովէն եւ ձախողած էր հասնիլ պրոնզէ մետալի մրցումին:
Նոյն ձեւով, 82 քկ կշիռի մրցումներուն Սամուէլ Գրիգորեան յաղթելէ ետք թուրք Եուսուֆ Կոլպաշիին 5-0 արդիւնքով, պարտութիւն մը կրած էր քառորդ աւարտականին գերմանացի Տենի Նաքայեւէն` 6-1 արդիւնքով: