«Տէյլի Էքսփրէս»-ի համաձայն, Շախթիոր Տոնեցքի միջնապահ Գէորգի Սուտաքով կրնայ տեղափոխուիլ Չելսի:
Ըստ աղբիւրին, ուքրանացի Սուտաքով գրաւած է լոնտոնեան ակումբի ուշադրութիւնը: Չելսի պատրաստ է 78 միլիոն եւրօ առաջարկել 22 տարեկան Սուտաքովի փոխանցումին համար:
Նշենք, որ Չելսի այժմ ունի ուքրանացի մը` ծայրի յառաջապահ Միհայլօ Մուտրիքը:
Մուտրիք 2023-ին միացած էր Չելսիի` յունուարին Շախթիոր Տոնեցքէն փոխանցուելով 70 միլիոն եւրոյի փոխարէն:
Սուտաքով ախոյեանութեան ընթացքին Շախթիորի հետ կատարած է 11 հանդիպում` նշանակելով 7 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ: Ըստ «Թրանսֆերմարքեթ» կայքին, անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 35 միլիոն եւրոյով:


